Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/49

Այս էջը սրբագրված չէ
«Դաոն հացը»

մէգն ու անյոյս խաւարը։ Գէթ կարելի ըլլար վերադառնալ սիրային յաղթանակով մը, թեւերուս մէջ կարենալ գրկել Աննայի աղուոր ու զգայուն մարմինը։
— Յետոյ աշունը եկաւ,— յարեց Վանի,— ու թափառական, մոլար հոգիս այլուր փնտռեց իր գերագրգռութեան առարկան։ Վաճառականի մը աղջիկն էր՝ ոսկեգոյն, ինչպէս աշունը, ու լի, հարուստ մարմնով։ Աչքերուն խորը ոսկի բիծեր կային ու այտերուն վրայ՝ ցանի ոսկի հատիկներ։ Պայուսակը թեւին տակ ու իր շքեղ մարմինը օրօրելով՝ գերազանց հպարտութեամբ մը կ՝անցնէր՝ զուարթ, կենարար, հեշտաւէտ ակնարկ մը ձգելով վրաս։ Ձմրան մեր ծխնելոյզէն բարձրացող ծուխի սիւներուն պէս կը ղողղոջէի ու գիշերը բարձին վրայ կ՝արտասուէի անդարմանելի, անսրբագրելի մանկութեանս վրայ։
Համակրութեանդ մտիկ կ ընէի զինքը, բայց հոգիս այլուր էր։ Կը մտածէի կորսուած պատեհութիւններուն վրայ, կորսուած օրերուն։ Բանտուած, արգելափակուած ներքին անձկալի մթնոլորտի մը մէջ՝ որքան յաճախ զղջումը գէշ թրթուրի մը պէս պիտի սողոսկէր մարմնիս վրայ։ Պիտի ըսէի՝ յուզումով թրթռուն ու սրտառուչ պահեր կային, երբ ամէն սիրոյ արարք դիւրին կը թուէբ, ու դուն չկրցար օգտուիլ պատեհութենէն։ Իր զմայլելի մարմնին ծանրութեամբը կը ծռէր վրադ, կողքերուդ վրայ կը զգայիր իր անուշ հեւքը, ձայնին ջերմ մաքրութիւնը կը պագնէր դէմքդ, ու դուն չգիտցար անհրաժեշտ շարժումը ընել։ Եղկելիօրէն հպարտ կամ ողբալիօրէն վերապահ եղար, ու այժմ արդար է, որ դիտես անհորիզոն ու մառախլապատ գիշերը, որ անանուն աղէտի մը պէս կ՝ինայ մեռեալ քաղաքին վրայ։
— Թերն ու դէմը կշռելէ յետոյ,— ուզեց եզրափակել Վանի,— այժմ հարկ է միթէ զղջալ այս անուղղայ պատանութեան վրայ։ Ո՞վ է, որ առաւելագոյն տենդով ու գեղեցկութեամբ կ՝ապրի։ Ա՞ն, որ կը գոհանայ զգայարանական դիւրին յագեցումներով, թէ՞ միւսը, որ կը նախընտրէ իր հոգւոյն բռնկումն ու հրդեհը եղանակի փոփոխութեան հետ։ Ո՞ւր է իմաստութիւնը...
Ձեռքերը գրպանները՝ կեցած էր սենեակին մէջտեղը՝ չես գիտեր որմէ սպասելով իր հարցումին պատասխանը։ Վարի շրթունքը թեթեւօրէն քինոտ ու ուռած կը թուէր։ Ողջ անձին վրայ կար անորոշ յաղթանակի մը ակներեւ հպարտութիւնը։ Նրբանցքէն կը լսուէր աղախնին ձայնը։ Քիչ մը բիրտ ու տաք ձայն մըն էր, ժողովրդական գեղջուկ երգերու յարմարող պարզ ու զգայնական ձայն մը։
Վանի մեղմօրէն բացաւ դուռը։
— Մօն,— ըսաւ անսպասելիօրէն քաղցր ողոքումով մը,— պզտի՛կ Մօն, վայրկեան մը հոս կուգա՞ս։
Ու Մօն եկաւ ներս։ Կռուփները դրած թիկունքներուն վրայ՝ երկվայրկեան մը սպասեց, որ Վանի խօսի իրեն։ Անտարակոյս, կարելի չէր պնղել, թէ գեղեցիկ աղջիկ մըն էր, բայց իր իգութիւնը գրգռիչ էր։ Հաստ կտաւէ կրծկալին տակ կուրծքերը ամոլը ու գողտրիկ կը թուէին։ Ու շրթներուն վրայ, այտերուն փոսիկներուն ու բիբերուն մէջ շատ անառակ ժպիտ մը կար, ժպիտ մը, որ կը խոստանայ է՛ն արգիլուած հաճոյքներն իսկ։
— Մտիկ ըրէ, Մօն,— ըսաւ Վանի նոյն անսպասելիօրէն ողոքիչ ձայնովը,— այս գիշեր եթէ ուզես, քեզ շարժանկարի կը տանիմ։
Ամէն ինչ պարզ էր այլեւս ինձ համար։ Վանի կը հրաժարէր Աննայէն։ Վանի զիս կը ձգէր առանձին վերջին գիշերը։ Ցուցականօրէն կը գոցէր դուռը ու կը հեռանար՝ յայտնելով անուղղակիօրէն իր խորունկ ցաւը։ Ի՞նչ կը մնար ընել ինձ։ Ընդունիլ կատարուած իրողութիւնը՝ պզտիկ վատութիւն մը չէ՞ր միթէ։ Ընդօրինակել զինքը՝ կը նշանակէր վերադառնալ նոյն անել կացութեան, նոյն ապարդիւն զղջումներուն։

383