Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/56

Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
ղութեաե անկարելի մանանան։ Ամենուրեք մրրիկ կայ ու կռիւ։ Ասիական երկիրներու մէջ ծովածաւալ բազմութիւններ, խուլ ընդվզումներու փոթորիկը իրենց երանքերուն մէջ, կ՚որոնեն ճշմարտութիւնը։ Երկիրը ալեկոծ է։ Վայել է միթէ ինձ, ես, ոը մարդոց անլուր տառապանքը գիտեմ, անտարբեր հմայաթափութեամբ մը փողոցներէն անցնիմ՝ որոճալով սիրոյ մելամաղձիկ մեղեդի մը։
Ո՞վ պիտի փրկէ զիս ինձմէ, ով պիտի ազատէ զիս իմ վէրքերէս, իմ արիւնէս։ Աննա՛, Աննա՛, ինչ որ կը հայցեմ քեզմէ, հոգւոյս կորուսեալ անդորրութիւնն է, վասնզի կուզեմ լրիւ անձնատուութեամբ մը վերադառնալ երիտասարդութեանս։ Գաղափարներուն փառքը ու հաւաքական արու յազումներուն զօրեղ գինին, ահա ինչ որ մարմինս կը տենչայ այժմ։ Վէճը վարանոտներուն ու հրամանը պետերուն։ Կորովի ու կարգապահ երթն է, որ անհրաժեշտ է ինձ կեանքի խժալուր աղմուկին մէջէն։ Օրէնքս պիրկ ու առօրեաս ձերբազատեալ կ՚ուզեմ, կ՚ուզեմ մէկդի ձզել, ինչ որ հաճոյական է, ինչ որ բարոյալքիչ է, ինչ որ շատ քաղցր է իրապէս զօրեղ ըլլալու համաը։ Տաժանքով կ՚ուզեմ յառաջանալ, քանի որ դերբուկ են կեանքի ճամբաները։ Բնազանցական մարզանքներէն ու զգայնական յորդազեղումներէն անդին յեղափոխութիւնը կը ճանչնայ իր արուագեղ ու անձնուրաց զաւակները։ Արիութեամբ ու հպարտութեամբ ծառայելու իրաւունքը կուզեմ խլել ես ինձմէ՝ փոխանակ սիրային յուզումներու զգայուն անօթի մը վերածուելու։
Աննա՛, Աննա՛, եթէ քեզ շատ սիրեցի, որովհետեւ աչքերուդ խորունկը խանդավառութիւններուս ջեըմ պատասխանը կար ու ձայնիդ մէջ յաճախ յեղափոխութեան որոտ, մարմինդ, սակայն, զիս վերադարձուց սիրոյ տոչորումներուն։ Յաճախ կը բաւէր, որ տեղափոխէիր զայն, որպէսզի արիւնս բռնկէր։ Կուրծքերուդ պիրկ գիծը կը մտրակէք ապերասան երեւակայութիւնս։
Յետոյ, վերջապէս, մութը ինկաւ քաղաքին վրայ։ Գիշերուան մոգութիւնը վերստին փողոցներուն պարգեւեց խռովեալ գեղեցկութիւն մը։ Գիշերը տուներուն շուրջն էր ու մանուկներուն աչքերուն խորը։ Գիշերը խորին քաղցրութեամբ մը կը թափանցէք զիս։ Ձեռքերս խրեցի գրպաններուս մէջ՝ կարծես վերստանալու համար ներքին անձիս վրայ կորսուած իշխանութիւն մը, ու ողղուեցայ կայարան։
Ու մէկէն գաւառական քաղաքը լիովին ենթարկեց զիս իր մանր-քաղքենի օրէնքներուն։ Պարտադիր ու մեռեալ աշխատանքը վերստին դարձաւ կեանքիս անյեղլի օրէնքը։ Վաղը առաւօտ՝ ժամը վեցին, կ՚ըսէի՝ դառն հեգնութիւն մը շրթներուս վրայ, կլափիդ վրայ պիտի զգաս գերութեանդ երկաթեայ երախակալը։ Ոչ աջ, ոչ ձախ, կ՚ըսէի զզուանքով։ Կառաշարին պէս, որ քիչ յետոյ սահմռկեցուցիչ կանոնաւորութեամբ մը պիտի սուրայ միշտ նոյն նեղ ու երկաթեայ գծին վրայէն, ողջ տարի մը պիտի քալես՝ ծռած խոշոր գլուխդ, ընդունելով բռնութիւնը։ Անընդհատ մեռեալ մաս մը պիտի ըլլայ կեանքիդ մէջ։ Ինչ որ էն բաբախուն, էն արժանավայել առաքելութիւնն է մարդուն, պիտի ըլլայ էն նողկալին ու էն տաժանելին։ Վերստին գիշեըը ապաստանդ պիտի ըլլայ։ Հիւանդ անասունի մը պէս պիտի կծկտիս որջիդ մէջ՝ սպասելով առաւօտեան ծագումին։
Ո՛հ, յաւիտենական ու վարդամատն առաւօտ, առաջին զուարթութեամբդ երբեւիցէ պիտի ծագի՞ս վերստին։ Աշնան մառախլապատ այգը պիտի տատանի վրաս, ու խոնաւութիւնը պիտի թափանցէ ոսկորներս, մինչ հոգիս թեւաթափ ծիծեռնակի մը պէս պիտի չուէ ջերմին ափեը։ Օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն բարակ ու մթին անձրեւնեը պիտի թրջեն երկիրը։ Երբեմն տարածութեան խորէն պիտի հնչէ տէրունական ղօղանջը, ու մարմինս պիտի հեռազգայ կորուսեալ Կիրակիներ, երբ մանկութիւնս գառնուկի մը պէս կ՚ոստոստէր ծաղկեալ մարգերուն վրայ։ Յետոյ գիշերը պիտի իյնայ վրաս, պիտի տապալէ զիս։ Երկնցած անկողնիս վրայ՝ լոյսը պիտի փակեմ, վասնզի մութը սեւ պալատի մը պէս է իր խորունկ նրբանցքներով։ Յայնժամ շրթներուս վրայ մեղմօրէն պիտի ծլին 390