Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/57

Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

գարնանային ու խոխոջուն մեղեդիներ։ Ինչ որ կորուսեալ էր, վերագտնոււսծ պիտի թուի, ու մանիշակ ամպերու մէջէև մեղեսիկեայ[1] պատերով պիտի ցայտէ երազին պայծառ տաճարը։ Ճերմակ աղաւնիներ պիտի թոին ու պիտի վերադառնան՝ թառելու համար ուսիս։ Թաւուտի մը խորէն սրինգ մը սրտակեղեք քաղցրութեամբ մը պիտի հեծկլտայ։
Աննա՛, Աննա՛, ինչ ոը կը հայցէի քեզմէ, գեղեցկութեանդ անաղարտ մաքրութիւնն էր։ Ինչ որ կը տանիմ քեզմէ, պայծառ տեսիլք մըն է, շատ քաղցր ու շատ խանդավառ ներկայութիւն մը։ Կրնայի գուցէ զգայուն ու կարմիր շրթներուղ վրայ ճաշակել գարնան բոյրերը, ուսիդ վրայ վայրկեան մը հանգչեցնել խառնակ ու ծանը գլուխս։ Կրնայի գուցէ ափերուս մէջ զգալ կուրծքերուդ զուարթ տրոփիւնը։ Վայրկեաններ կային, երբ աղուոր աչքերուդ խորը հեզ համաձայնութիւն մը կը ցոլար։ Մարմինդ պատրաստ էր ընդունելու զիս, ինչպէս որ էի՝ մռայլ ու տոչորուն սիրով։ Գիշերներ կային, երբ խաղաղութիւնը տաժանհլի կը թուէը, վասնզի ողջ մաբմինս կը հնչէր խելայեղ նուագարանի մը նման։ Նախընտըեցի, սակայն, ինչ ոը անշօշափելի էր ու անհպելի, ինչ որ չի կորսուիը՝ հայեացքիդ լոյսը ղէմքիդ վրայ, բերնիդ կծկումը, երբ կը տխրէիր, ձայնիդ մեղմ գգուանքը, երբ հակած վրաս՝ կը խօսէիր անցեալէդ, վարսերուդ անկումը պայծառ ճակտիդ վրայ։ Ինչ որ պիտի չկորսուի բնաւ, երիտասարդութեանդ յիշատակն է։ Աննա՛, Աննա՛, քաղցր երիտասարդ կին մըն ես, վասնզի շռայլ ու մաքուր էր գեղեցկութիւնդ, վասնզի խորապէս մարդկային էիր։

Վ Ե Ր Ջ

  1. 29 մեղեսիկ — ամեթիսւո, թանկագին քար, մանուշակագոյն, որ կվարցի բաղադրութիւն ունի