Էջ:Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/17

Այս էջը սրբագրված է


Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/17


Ու դեո մայթերը կան, արգասարեր ու հերարձակ,
Որ վերը, վրաններուն մէջը դաշտավայրին,
Իրենց յուռթի ու լայն ու լուսաւոր կոդերուն տակ,
Մեր վադորդայնները նորէն փառաւորելու համար
Մոլեգին Դիւցագուններու կարմիր երկունքը կ՚ապրին---:

Բայց հիմա որ առաւօտը պայծառօրէն մօտեցաւ,
Ու դուն մեր հոգիները նանչցար,
Ո՜վ երագելէն ոգեվարոդ եղբա՜յր,
Եկուր, որպէսգի մեր շրթունքները քու շրթունքներդ ընդունին---
Վայրկեանի մը ու յաւերժութեան մը համար- • •
Ու դեռ Արինին նուիրական պդծումէն չկարմրած
Սա' փայլակէ սուրը կտրինօրէն ձեռքդ ա'ռ
Ու անով մեր ամէնուն սուրերը ա'յս աստդերուն մաքրութեանը տակ,
Երդումներուն երդումը ընելէն խաչաձեւէ'…
Ու գէթ անգամի մը համար՝ ինքնիրմէդ դուրս գահավիժելէն'
Եթէ կրնաս, մեգի հետ քալէ': Ահաւասի՜կ նամրան»: