Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/122

Այս էջը սրբագրված է

Ռեհան խանձարուրի նմանող փոքրիկ կապոցի մը հետ ծծկեր երեխան շալակած կը քալեր ծանր, ծանր՝ տղամարդու քայլերով․ առանց հառաչանքի, կարծես խորասուզուած ըլլար ան մտորումներու անծայրածիր ծովու մը մեջ։ Զգացումներու և ցաւերու յախուռն յորդումներու ներքև անոր ամբողջ գիտակցութիւնը կը մթագնէր ու կաղօտանար, լոյսերը կը խաւարէին, գոյները կաղաւաղուէին և աշխարհը կը նմանէր խաւար ու միգամած քաօսի մը․․․

Մարդկային տառապանքին ու վիշտին մարմնացումն էին իրենք, որ աշնանային ցաւագար հովի նման կը հևային, որպես հառաչանք կամ կը մորմոքէին սրտմաշուկ, որպէս աւերուող բոյներէ վար ինկող թռչուններ։

Ճամբորդութեան ահաւոր տառապանքը հսկայական քարի մը ծանրութեամբ կը ճնշէր Ռեհանի միտքը, արգիլելով սառն կերպով կշռելու իրերը հասկնալու համար թե, ինչո՞ւ եկած էին և ո՞ւր կերթային այդպես հևասպառ, ինչո՞ւ պիտի լքէին իրենց գեղեցիկ լեռներն ու հովիտները, սպիտակ ծաղիկներու և կանանչ մարգերու հետ միաւորուած իրենց անհոգ կեանքը։

Մի կոյր, սպառնական բան կը մղէր զիրենք շարունակ առաջ․ մահուան սպառնալիքը, անծանոթ պատկերը այն սարսափին, որ կը թաւալեր ճանապարհի եզերքը, դարձած եք անոնց գիտակցութեանը մէջ տիրական, հրամայող բնազդ մը և ամեն ինչ կքած ու սեղմած էր իր ազդեցութեան ներքև․ այնպէս ոք հարիւր հազարաւոր մարդիկ դարձեր էին անգիտակից, տարերային հողմնաղաց մը, որ փոթորիկէն քշուելով, կիյնայ, կը փշրուի․․․

Գիշերը իր գաղջ շնչառութեանը ներքև ծրարած էր ամեն ինչ. միայն պաղ և կծուեհամ հով մը կը սուրար ու կը հևար ձորակին մէջ, պահ մը կը հովհարեր այդ մռայլ, արցունքոտ դէմքերը ու կը թըռչեր պահուելու դարձեալ կռնակը հեռաւոր լեռներուն։

Ինչ որ խուլ, սարսռալի ոռնոց մը խաւարի խորքերէն, կը թուէր, թէ գետ մը գարնանային կատաղի հեղեղներու նման կը յորդէր․ օտարոտի ցնցում մը անցաւ փախչողներու մարմնոյն մէջէն, ապա գաղջութիւն մը իջնելով, թմրեցուց մինչև անոնց ոտներուն ծայրերը։ Այդ չարագուշակ ոռնոցն կը մատնանշէր կարմիր մղձաւանջը, մահուան թափահարումը, որ կը թուի թէ միշտ հոն՝ այն սրընթաց գետին շուրջը կը հսկե մոխրագոյն մաշկաթևերու նման արիւնոտ, չռած աչքերով, իւր անդնդախոր կուրծքը կլանելու համար մարդկային թոյլ արարածները․․․

Այդ րոպէին խորհրդաւոր բան մը կը թագաւորէր ամենուրեք․