Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/123

Այս էջը սրբագրված է

ճամբորդներու սրտերն կը տրոփէին բարձր բաբախումներով և կը հնչէին բարձրագոչ անոնց լարուած լսողութեան։

Ամենքի գիտակցութիւնը կը շղթայէր այն զգայութիւնը, որ հոն այդ գետին շուրջը ցցուած քարաժայռերուն մէջ թշնամին կը հսկէ եղեռնածոր աչքերով և ոճիրը կորոճայ իր անողորմ կուրծքին ներքև։ Ահա պիտի լսուին հրազէններու զսպուած ձայները, այն խուլ, մահասարսուռ հնչիւնները, որոնք շատ պայթած և այնքան ծաղիկ կեանքերը հնձած էին իրենց տարաբաղդ բնագաւառին մէջ։

Փախստական ամուսինները մէյ մէկ երեխայ շալկած կը յառաջանային մութին մէջէն, զիրար չը կորսնցնելու համար մէկ մէկու ձեռքէն բռնելով։

Բանդիմահու գետն հսկայական գամբռի մը նման կոռնար իրենց ականջներուն և անախորժ խշշոցով կարձագանգէր շրջակայ լեռներն ու ձորերը։

Մի պղտոր, ստուերախիտ պատկեր կարմիր շուրջանակներով կը տողանցէր կիրճին մէջ, կը մթագնէր փախստականներու չարչարուած երևակայութիւնը և ամեն տեսակ չարագուշակ անակընկալներով կը վարագուրէր ու կը հրահրէր զայն։ Մթութիւնր կը թուէր, թէ աւելի խտացած էր ջուրին շուրջ֊բոլորը անոր փոթորկալից սեպաձև ալիքները ծածկելու համար մարդկային աչքերէ։

Յանկարծ խաւարին և այդ չարագէտ սպասումներուն ընդմէջէն հարիւրաւոր փայլատակումներ նշմարուեցան, երկնքի մոլեգնած որոտումներուն նման հրացաններ ճայթեցին քարաժայռերուն մէջէն և տեղատարափ կարկուտի պէս գնդակները թափուեցան ճամբուն երկայնութեամբ։

Կատարուեցաւ աննկարագրելի տեսարան մը, հազիւ գետը մտնող մարդիկ քարացան, մնացին կէս ճամբան․ ոմանք մահուան սարսափէն խելայեղ ինքզինքնին ջուրի անողոք ալիքներուն յանձնեցին, ոմանք շալակնուն գտնուած մանուկները ձգեցին ու փախան իրար կոխկռտելէն ու հրմշտկելէն, ուրիշները ինքզինքնին ջուրի յորձանքներուն դէմ տալով, հակառակ ափն դուրս եկան։

Ռեհանն ու իր էրիկը դեռ նոր մօտեցած էին գետին ափը. հրազէններու խլացուցիչ որոտումներէն խենթացած, անոնք վեր թռան նստած տեղերնէն և առանց ակնթարթ մը իսկ իրենց անելիքն որոշելու ջուրին մէջր ձգուեցան։ Ռեհանի ամուսին Ցարութը ընդհանուր այդ շփոթութեան և իրարանցումին ատեն գրկի երեխան մոռացաւ իրենց հանգստացած վայրը և յիմարի մը մոլորութեամբ ալիքները ճեղքելով, միւս ափն անցաւ։ Խոր մթութեանը մէջ Ռեհանը