Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/124

Այս էջը սրբագրված է

չը նկատեց զայն, ծծկեր երեխան պինդ կապեց շալակին ու ամուսնու ետևէն սկսաւ ճողփել մեծ սարսուռով Բանդիմահու ահաւոր յորձանքները. մինչև իր ստինքները հասնող ջուրը կը մղէր զինք հոսանքն ի վար և խեղճ կինը գերմարդկային ճիգերը թափելով, հազիւ կրնար իր հաւասարակշռութիւնը պահպանել։ Երեխայով ծանրացած լեռնականի դիմացկուն կուրծքը կը ճեղքէր փրփրադէզ կոհակները և ազատութեան ճամբայ կը բանար անդադար, խեղդուելու մօտ՝ տաշեղի մը նման կը դողդղար ջուրին մակերեսը ու կը թուէր, թէ ահա ինքն ալ միւսներու նման պիտի քշուէր ջուրին անզուսպ ալիքներէն ու տարուէր պիտի, ով գիտէ ու՞ր, խեղդամահ ու ջարդուփշուր։

Լեռնացած կոհակներն խեղդուած, այլանդակուած մարմինները կը բերէին կոյտ առ կոյտ, որոնք երբեմն երբեմն կը զարնուէին Ռեհանի մարմնին, բայց անիկայ լեռնական կնոջ մը արիութեամբ ոյժ կուտար ոտներուն ու կը լողար ջուրին երեսը։

Ահա հասաւ այն միւս եզերքը բոլորովին թրջուած ու ցրտահար․ հոն քարի մը վրայ նստաւ պարտասած և հայեացքը մութին մէջ քթթելով, ամուսինը փնտռել սկսաւ։

Հրացաններու ահեղ որոտումները աւելի ու աւելի կը սաստկանային, որոնք բարեբաղդաբար ուղղուած էին դէպի գետին միւս եզերքը, որովհետև թշնամին պահուած էր այդ կողմը նայող լեռնալանջերուն մէջ. այդ պատճառով Ռեհանի հանգստացած վայրը ապահով էր վտանգէ։ Քանի մը վայրկեան սպասելէ յետոյ Ռեհան վեր պիտի կենար, երբ իր առջև գծագրուեցաւ Յարութի յաղթանդամ հասակը․ ուրուականի պէս լուռ, կարծես բանէ մը ամօթահար եղած։

Ռեհան ուրախութեան ցուրտ ժպիտ մը գոյացուց իր վշտակոծ դէմքին մկաններուն վրայ և ըսաւ.

— Է՜, Ցարութ, աղէկ պրծանք թշնամու գիւլլաներէն։

Բայց Ցարութ չը պատասխանեց, այլ աւելի անշարժ ու քարացած՝ մեխուած մնաց խաւարին մէջ իր կանգնած տեղին վրայ։

Ցանկարծ Ռեհանի սիրտը վայրկենական զգայութիւն մ՛ողողեց. մայրական մոռացուած գորովանքն էր ան, որ արթնցաւ իւր էութեան բոլոր մասերու մէջ։

— Ծօ, մա՛րդ, քարի պէս սառեր, կանգներ ես, ճիժը դո՞ր ի, ձէն-ձուն չը կայ։

Սառը ջուր կարծես մաղեցին Ցարութի ոտքէն մինչև գլուխը, ոտքերը անծանոթ դողով մը սկսաւ դողդղալ․ երակներու մէջէն յորդացող արիւնը կանգ առաւ պահ մը, դէմքին մկանները կծկուեցան