Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/127

Այս էջը սրբագրված է

հեծեծող ալիքներու մռնչիւնին մէջէն որդու աղապատանքն ու անօգնական ճիչերը։

— Վա՜խ, ես մեռնէի թող, ինչ սև օր եկաւ գլխուս, հուդա տղէս կազաւրի անճար, անտայաղ, աչքերս ճերմկին թող․․․

Ցանկարծ օտարոտի զօրութիւն մը ափն առաւ զինք, Ռեհան վեր բարձրացաւ ընկած տեղէն, պարզեց բռունցքները մթնոլորտն իվեր և ըսաւ ամուսնոյն․

— Հողեմ գլուխդ, խօ տղամարդու սիրտ չունիս դուն, արունըդ կաթ է կտրեր ես հըրէն կերթամ ու տղէն կը բերեմ․․․

Ու դէպի Բանդիմահուն վազեց ան հևասպառ ու հերարձակ։

Յարութ պահ մը սարսռած մնաց բան մը չը կրնալ ընողի մը կատարեալ թուլամորթութեամբ։ Բայց իսկոյն անծանօթ աշխարհ մը բացուեցաւ տեսողութեան առջև, ներքին, առնական ձայն մը ծնողական զգացմունքին և ամուսնական գորովանքին միախառնուած մղեց զինք դէպի գետափը, ակնթարթի մը մէջ հասաւ Ռեհանին, որ կը պատրաստուէր ջուր մտնալ և ուղիղ անոր տամուկ աչքերուն նայելով, ըսաւ․

— Արի, Ռեհան, յետ դարձիր, նամուսիս վրէն մոխիր մի սըրսըկներ, ես կերթամ ու տղէն կը բերեմ։

Այս ըսելով գետը մտաւ։ Կինը տեսնելով Ցարութի թուլասրտութեան րոպէական փոփոխութիւնն, նախ ապշահար մնաց, ապա հիացմունքի և ուրախութեան դողանց մը անցաւ իր հոգիէն, ինք կըմբռնէր բնազդօրէն առնական ուժի մը միջամտութեան պէտքը և իր կանացի ուժերուն անզօրութիւնը այդ գործին։

Յետ դարձաւ անմիջապէս և սկսաւ ճամբուն եզերքն անօգնական ճուտի մը նման ընկած պզտիկ տղուն ծիծ տալ։

Բանդիմահու գետը այս ահաւոր գիշերին աւելի յորդառատ ու կատաղի դարձեր էր, անզուսպ գազանի մը վայրագութեամբ իր դեղնորակ բաշերը կը սանրէր ան և ժայռերու նման սեպաձև յորձանքներ կուտար։ Մինչդեռ բաղդի դաւաճան ու կոյր քմահաճոյքին դատապարտուած ժողովուրդը ցորենի հասկերուն նման կը հնձուէր՝ ոմանք ջուրին մէջ, ուրիշներն ճանապարհի վրայ, և խուճապողներու խելայեղ հեծեծանքները, կեանքի խորտակումն ողբացող թախծոտ յանկերգի մը նման կը հոլովուէին անդադար խաւարին մէջ։

Յարութը սիրտը դող՝ ոտները ջուր դրաւ, հոն աւելի մօտիկ և աւելի բարձրագոչ հնչուեցաւ իր ականջին մահը ղօղանջող գընդակներու սուր վզվզոցը․․․ Այլանդակուած դիակներու ծածանումը ալիքներու վրայ, ցայտցայտող փրփուրներու արիւնոտ գոյնը տեսակ