Այս էջը սրբագրված է

գրաւած էին, ու կը նախանձէր նոր ծանօթներէ, նոր բարեկաներէ։ Անիկա շարունակ կը տանջուէր աներևոյթ վտանգի մը կանխահոգութիւնով։ Իր կասկածամտութիւնը, իր բծախնդրութիւնը, իր գրեթէ հիւանդագին հսկողութիւնը ինձի մօտեցող բոլոր անձերու նկատմամբ զիս իւորապէս կը վիրաւորէին։ Երբեմն ես ինքս կը դառնանայի, և կեանքը անտանելի կր թուէր այդ պայմաններուն մէջ, ու վրէժս լուծելու, կամ պարզապէս իմ դժգոհռւթիւնս փարատելու համար երբեմն կը խաղայի իր այդ զգացումին հետ։ Ցաւալի բան է, բայց ստիպուած եմ ճշմարտութիւնը ըսել. նախանձի զգացումը ամենաուժեղ հնչող լարն էր իր հոգիին, և ես յաճախ կը սիրէի լսել այդ լարին ողբերգական հնչիւնը։ Հզօր զգացումներու արտայայտութիւնը, ինչ բնոյթ ալ որ ունենայ, միշտ հրապուրած է զիս։ Քանի՛ քանի անգամներ իր ցասումներուն, իր յուսահատութեանց հանդէպ ինքզինքս յուզուած զգացած եմ տեսակ մը դառն և հեշտագին արբեցութեամբ։ Երբ իր տառապանքը իր գագաթնակէտին կր հասնէր, երբ կը տեսնէի իր աւերուած դէմքին արտայայտութիւնը, իր մինչև ոճիրի միտող զայրոյթները, հաճոյքը կունենայի բառով մը, ստուգութիւնով մը զինքը հանդարտեցնելու և տեսնելու, թէ ինչպէս իր ալեկոծուած հոգին իմ մէկ ժպիտովս, իմ մէկ վանկովս կը հանդարտէր հետզհետէ ու կարծես ոտքերուս առաջ մրմնջելով սահող գետի մր հեզասահ խաղաղութիւնը կըստանար։

Այդ խաղը զիս կը զբաղեցնէր և իմ կեանքիս պարապը կը լեցնէր երբեմն. իմ հոգիս, իմ խառնուածքս ուժեղ թափեր ունէին, որոնք անգործ և ապարդիւն կը մնային, ու բացի մայրական զգացումէն, որ զիս բոլորովին գրաւած էր, ուրիշ զբաղում չունեի իմ հոգեկան կորովս սպառելու։

Երբեմն կանդրադառնայի իմ վարմունքիս և ինքզինքս կամրաստանէի. «ես չար կին մըն եմ», կը խորհէի և կը ջանայի ինքզինքս ուղղել և իմ մէջէս արմատախիլ ընել գէշ խոտերը, բայց և այնպէս կը շարունակէի զինքը չարչարել այնքան անօգուտ կերպով։

Այսօր միայն գիտեմ, թէ չարութեան հետևանք չէր ատիկա, և թէ այն ինքնաբուխ ուժը, որ կար մէջս, պէտք էր որ սպառէր մէկ կամ ուրիշ կերպով։ Ու ճիշտ է, որ այդ կարգի դէպքերէ ետքը ինքզինքս յոգնած ու սպառած կր զգայի ու խաղաղոլթեան կը ցանկայի, բայց երբեմն այդ խաղաղութիւնը կը խանգարուէր անիմաստ պատճառներով։ Այն ատեն յոգնած ջիղերս զիս կը տանջէին, կը յուսահատէի ու ժամերով կարտասուէի, խղճալով ինքզինքիս