Այս էջը սրբագրված է

և թէ իր սիրտը ճշմարիտ ու մաքուր զգացումներու ընդունակ է, թէ երբէք չի պիտի մոռնայ այն կինը, որ տեսաւ այն իրիկունը, ու թէ միակ բաձանք մը ունի, այն է՝ որ սխալ դատած չըլլամ զինքը և ոչ թէ տաժանելի, այլ քաղցր հետք մը մնացած ըլլար իրմէն իմ յիշողութեանս մէջ։

Չէ, սխալ դատած չէի զինքը ու չէի մոռցած... Բայց թէ ինչքան տաժանելի ու եղերական բան էր այդ զգացումր ինձի համար, երբէք չի պիտի կրնամ բացատրել։ Իմ տխրութեան թէ ուրախութեան օրերուս անոր յիշատակը կր վերադառնար ինձի ու կը կանգնէր իմ մտածումիս մէջ. անիկա իմ հոգւոյս խորքին մէջ մնացած էր, ու չէի կարող վտարել զինքը իմ էութենէս։ Երբեմն հաշտ ու նոյնիսկ գորովադին զգացումով մը կանդրադառնայի այդ անշօշափելի և յարատև ներկայութեան, բայց և յաճախ թշնամիի պէս կը տեսնէի զինքը։ Այս բանը կր համարէի տեսակ մը մղձաւանջ, հոգեկան ախտ մը, ուրկէ կուզէի բուժուիլ, բայց և կը զգայի թէ անդարմանալի է։

Ո՞վ կարող էր երբէք երևակայել այն դրամը, որ իմ հոգւոյս մէջ կար, երբ զիս կը տեսնէին ժպտուն, խաղաղ, հանդարտ իմ շարժումներուս և խօսքերոս մէջ։ Գիտնալով, թէ ինչ սոսկալի բան մը կր կրեմ իմ էութեանս մէջ, կը խորհէի ուրիշ մարդոց և կիներուն նայելով... ո՞վ գիտէ, ի՞նչ կայ խորքերուն մէջ։ Այդ ցաւը, այդ թաքուն և խոր ցաւը զիս ներողամիտ կը դարձնէր ուրիշներու նատմամբ, որովհետև ինչ որ ալ գործէին և ինչ որ ալ խորհէին, չէին կարող այնքան մեղապարտ զգացումներ կրել իրենց մէջ, որքան ես, և ես ինքզինքս համար խիստ դատաւոր մրն էի, անողոք կերպով խիստ դատաւոր մը։ Բայց դուն ներողամիտ եղիր ինձի համար, սիրելիս, գոնէ ջանա ներողամիտ ըլլալ։ Այն հոգին, որ քեզի ընդունելու համար լայնօրէն բացուեցաւ, պիտի ուզէի, որ մաքուր և յստակ ըլլար լոյսի պէս և ոչ մէկ ստուեր, ոչ մէկ բիծ արատաւորած չըլլար անոր պայծառութիւնը։ Բայց մարդս ճակատագրական կերպով ենթակայ է մեղքերու. ու այս այսպէս է, ու քանի որ այսպէս է, ուրեմն ուրիշ կերպ չէր կարող ըլլար։ Խորհէ, որ թաքուն և յարատև կերպով մը տառապած եմ. հոգիս գալարուած է ցանկութիւններով, ամօթով, զզուանքով և սիրով միանգամայն։ Իմ մոլորուած երևակայութեանս զինքը տեսած եմ այնպիսի պահերու, որ ցաւի աղաղակը դժուարաւ զսպած եմ կոկորդիս մէջ։ Երգի որոշ եղանակներ, որոշ երանգներ, վերջալուսային շողիւն մը, այն վայրերը, ուր հանդիպած էի իրեն, կոգեկոչէին զինքը,ու անիկա իմ մոտս կըզգայի ու իր տաք շունչը իմ