Այս էջը սրբագրված է

— Ի՛նչ տարօրինակ երեկոյ մըն է, ըսաւ մէկը։

Միւսը իր պատմութիւնը կը շարունակէր. կը խօսէր, թէ ինչպէս մէկ քանի սպաներ արիաբար ուղեր էին դիմադրել և առաջքը առնել նահանջին, բայց անկարող դարձեր էին ու ինկեր պատերազմի դաշտին վրայ, անուններ արտասանեց, որոնցմէ մէկը անորն էր։

— Ադրինէ՛...

Կարծես տապարի հարուածներ բազուկներս ջլատեցին, ու թադարր ինկաւ ձեռքէս. գլխու պտոյտի մը մէջ հեռացայ շտապով ու առանձնացայ սենեակս։ Ոչ, չի կրցայ արտասուել, չի կրցայ աղաղակել, բայց մեռելային ցուրտ մը զիս պատեց, ու ահա յանկարծ գոհունակութեան, չարաբաստիկ և հրէշային գոհունակութեան հակազդեցութիւն մը յառաջ եկաւ իմ մէջս... ուրեմն այլ ևս չի կար, չի կար, չի կար... այլևս այս աշխարհիս վրայէն իր մարմնեղէն ձևը անհետացած էր, ու այն սարսափը, թէ ոևէ օր մը, ոևէ դիպուածով կրնամ հանդիպիլ իրեն, անհետացած էր նաև ընդմիշտ... Բայց միանգամայն ինձի թուեցաւ, որ ժամանակին և հեռաւորութեան օրէնքներն ինկած էին այլևս իրեն համար, և թէ իր հոգին թերևս իմ շուրջս կը թափառէր այդ պահուն, ու ինձի թուեցաւ նաև, որ անօրինակ հրայրքով մր իմ հոգիս ամենաքաղցր ու գորովագին խօսքեր կը մրմնջէր անոր։

Դուռը ընդոստ բացուեցաւ, ու Միքայէլը երեցաւ զայրացած ու անհանգիստ։ Ինքն էր որ արտասանած էր իմ անունս, խռովուած իմ զուարթութենէս ու եռանդէս, տարօրինակ գտնելով, որ հիւրերու ներկայութեան խանդաղատանքի այդքան անսովոր ցոյց մը կընեմ մեխակներուն. իսկ հիմակ եկած էր հասկնալու իմ դժգունութեանս պատճառը, իմ վրդովմունքս, իմ ցաւս. չեմ գիտեր, գաղափարներու կցորդութեամբ հասկցած էր իրականութիւնր թէ ոչ, բայց իր նայուածքը խիստ էր ու անկարեկիր իմ տառապանքիս։

Ւ՜նչքան հիւանդ էի և ի՜նչքան տառապեցայ չարչարուած Միքայէլին կասկածներէն, խստութիւններէն ու նոյնիսկ բրտութենէն։ Բայց այդ բոլորը անգամ մը ևս յոգնեցուցին զիս, ու բուն ցաւս անհետացաւ սրտնենգութիւններու, ձանձրոյթի ու միօրինակ հարցապնդումներու մշուշի մը մէջ։

Անկէց ի վեր դարձեալ տարիներ անցեր էին, ու յաճախ իր յիշատակը վերադարձեր էր իմ մէջս, միշտ նոյն կսկիծը, նոյն դառն ու տաժանելի զգացումը արթնցնելով, միայն ամօթը անհետացած էր։ Մահը կր սրբագործէ ամեն ինչ, և այդ է պատճառը թերևս,