Այս էջը սրբագրված է

ոչ ալ ոևէ ուրիշ մարդու չարակամութիւեներր և պղտոր բնազդներու հետևանք եղող հոգեկան դժբաղդ տգեղութիւնները։ Այդ բոլորը փրփրեր ու անցեր էին իմ հոգւոյս ափունքներուն վրայ առանց զիս պղտորելու, և առանց մանաւանդ, իմ Էութեան յատուկ տրամադրութիւնները խախտելու։ Ես մինակ, անեղծ ու հպարտ մնացեր էի ինքզինքիս մէջ, սպասելով և հաւտալով։ Քանի որ երբէք չէի դավաճանած իմ սեպհական զգացումներուս և իմ հոգւոյս առանձին օրէնքներուն։ Բնազդով թէ գիտակցութեամբ ամենէն նուիրական օրէնքները համարեր էի ոնոնք որ իմ էութեանս խորքերէն, իմ իսկութենէս կը հետևէին, և, վերագնահատելով իմ ապրած օրերս, գոհ էի ինքզինքմէս։ Տարօրինակ խաղաղութիւն մը և հանդարտութիւն մը զիս ողողեց, և իմ կեանքիս գեղեցիկ օրուան վերջաւորութեան նայեցայ առանց վրդովմունքի և առանց ցաւի։

Բայց այդ պահուն չի խորհեցայ, սիրելիս, թէ իրիկնամուտը տակաւին հեռու էր, և վերջալուսային ժամերը կային, այնքան գեղեցիկ ու այնքան երկարատև մեր երկիրներուն համար և որուն շողշողուն գեղեցկութեանը մէջէն սահմանուած էի քեզի հետ անցնելու։

Իրիկնամուտը դեռ հեռու է, ու ես Սկիւտարի վերջալոյսներու շքեղ ու արեգնաւէտ գեղեցկութիւնովը տոգորուած. երբեմն անիկա օրուան ամենագեղեցիկ ժամն է. երբ իմ հոգիս քու հոգիիդ ընկերացած՝ անցնի այդ հուսկ փառքին մէջէն, թերևս գալիք գիշերը նուազ տխուր ըլլայ, թերևս գեղեցիկ երազներ, ոսկի երազներ թափանցնին անոր մռայլ լռութեանը մէջէն և, ո՞վ գիտէ, երբ մեր մարմնեղէն ձևերն ալ անհետանան վերջապէս անխուսափելի խաւարին և լռութեան մէջ, այն անսահմանելի բանը մեր էութեան, որ անմահ է, որ կար մեզմէ առաջ, որ պիտի ըլլայ մեզմէ ետքը, թերևս զիրար վերստին պիտի գտնեն յիշելու համար յաճախ այն երջանիկ ժամերը, որ ապրեցան միասին դաշնակաւոր գեղեցկութեանը մէջ իրենց երագներուն ու ձգտումներուն։


Այսպէս ուրեմն, փետրուարի վերջի գարնանային առաւօտ մըն էր, երբ Միքայէլ առաջին անգամ խօսեցաւ իր վաղեմի ընկեր բժիշկ Արշակ Սերոբեանի մասին և յայտնեց, թէ հետևեալ օրը մեզ մօտ ճաշի հրաւիրուած էր։ Ըսի արդէն, որ այդ պահուն ոևէ յայտնի զգացում ինձի չաւետեց այն, ինչ որ պիտի պատահէր հետզհետէ։ Բայց այսօր, երբ կը խորհեմ այդ օրերուն և ժամերուն վրայ, որոնք արդէն իսկ իրենց մէջ կը կրէին իմ երջանկութիւնս,