Այս էջը սրբագրված է

կը խաղաղէր ու կը լռէր։ Այդ դադարի պահուն ծառերու զոյգեր կը շարունակէին աոանձինն մրմնջել և յոյզերու սարսուռ մը կը փոխանակէին իրարու հետ, մինչ անծանօթ և սաղարթախիտ հեռաւորութեան մէջ ջուրի կաթիլները հատիկ հատիկ միշտ կիյնային մամռապատ ժայռի մը վրայ։

Հետևեալ օրը Արշակ Սերոբեանը ճաշի չեկաւ: Հիւրերը հասած էին արդէն, ու կը սպասէինք. բոլորովին հանդարտ էի ես ինքս, ու իմ սպասումիս մէջ անհամբերութիւն չիկար, բայց որովհետև մտադրած էինք կէս օրէ ետքը դեպի Ձամլճա բարձրանալ, որոշեցինք այլևս չըսպասել և սեղանաատունր անցանք։ Կէս ժամ ետքը հասաւ հեռագիրը, որով Սերոբեան ներողութիւն կը խնդրէր և կրսէր, թէ անսպասելի պատճառ մը զինքը կարգիլէր սկիւտար գալու։

Երր լաւ կամ գէշ վճռական բան մը պիտի պատահի մեր կեանքին մէջ, կարծես անիկա նախասահմանեալ բան մըն է , ու ամեն ինչ, նոյն իսկ աննշան դիպուածները, օտար պատահարները կը միանան, կը հանդիպին իրարու և կը նպաստեն անոր յառաջ գալուն: ԱյսպԷս, այդ օրուան բժշկին բացակայութիւնը պատճառ եղաւ, որ իր մասին խօսին երկարօրէն, զինքը ներկայացնեն, և այսպես ըսելով, թոյլ տան ինձի, որ ձևով մը իր բարոյական պատկերը կազմեմ։ Կարծես ամենքը կաշխատակցէին իմ այդ մտաւոր և տակաւին անգիտակից ջանքիս մէջ: Բայց հոս կուզեմ ճշտել կէտ մը, այն է՝ որ ուրիշներուն գովեստները կամ լաւ տրամադրութիւնները չէ, որ ազդեցին իմ վրաս ու իմ մէջս յարացին յուզմունքներու փոթորիկ մը։ Ոչ, ո՛չ. երբ տեսայ զինքը և անկէց ետքր դեռ քանի մը անգամներ, որ յաջորդաբար տեսակցեցայ իրեն հետ, սիրտս հանդարտ էր և միայն, այսպես ըսելով, համակրելի և ազնիւ մարդու մը խօսելու սովորական հաճոյքր ունէի միայն ... Այն բանը, որ վեր ի վայր շրջեց իմ հոգեկան վիճակս, կայծակի արագութեամբ կատարուեցաւ։ Ես ինքս չեմ գիտեր, թե ինչպես կատարուեցաւ, բայց որոշապէս և հաստատապէս կարող եմ ըսել. այս այն հազուադէպ, բարեբաղդ և օրհնեալ րոպէներէն մեկն էր, որ ամենէն հարուստ մարդկային կեանքին մէջ հազիւ թէ երկու երեք անգամ կը պատահի, որ երբեմն մէկ անգամ կընծայուի մարդուս, յաճախ երբէք, երբ երկու հոգիներ, երկու աոանձին աշխարհներ, ո՞վ գիտե ինչ խորհրդաւոր և աստուածային զօրութեամ մը թափանցելով բոլոր արգելքներէն, բոլոր խաւարային ճնշումներէն և մշուշներէն, հանդիպման կէտ մը կը գտնեն և երկու լոյսի կաթիլներու նման իրարու հետ կը նոյնանան ու զիրար կր ճաճանչեն...: