Այս էջը սրբագրված է

Բայց պէտք է ջանամ կարգով պատմել ու ներկայացնել եթէ ոչ բոլոր, գոնէ կարևոր երեսները այս պատմութեան, ամբողջական գաղափար մը տալու համար այն հրաշագեղ վէպի մասին, որով ապրեցայ և որով տակաւին կապրեմ։ Կը յիշեմ որոշապէս. ճաշի միջոցին յաճախ իր անունը արտասանեցին. հիւրերէն մէկը ըսաւ.

— Շատ քաղցր և ազնիւ բնաւորութեամբ մարդ մըն է.— Ուրիշ մը պատմեց, թէ ինչպէս նախապէս երաժշտութեան մեծ տաղանդ ցոյց տուած է և յետոյ զանազան պատճառներէ դրդուած հետևած է բժշկութեան։

— Սովորական մակարդակէն վեր բարձրացող անհատականութիւն մըն է, ըսաւ մէկը։

— Անով իսկ զարմանալի է, հաստատեց բանաստեղծ մը, որ զինքր արտասահմանի մէջ ճանչցած էր, մարդ ծանօթանալով Արշակին, մտքէն չի անցներ բնաւ , որ գրեթէ արուեստագէտի խառնուածք մը պիտի գտնայ. ատիկա հաճելի կերպով անակնկալ է:

Խօսակցութիւնը մոլորեցաւ հետզհետէ և սկսաւ թափառել և անօսրանալ աւելի ընդարձակ նիւթերու շուրջ։ Անակնկալ կերպով գարնանային արև մը կը ճաճանչէր երկնակամարին վրայ, ուրկէ բոլոր ամպերը անհետացած էին։ Սեղանատան ճակատի պատուհանները բացած էինք և թաց հողը արագօրէն շոգիանալով, իր կենսայոյզ բուրումը կը գրկէր դէպի մեզ. խռովիչ և գաղջ մթնոլորտը տոգորուած էր հեռաւոր և կանխահաս ծաղիկներու փափուկ բուրումով, և երբ ուզէինք մեր երազուն աչքերր դարձնել դէպի դուրս, հորիզոնը կընկըրկէր վարդագոյն և լուսեղէն մշուշի մը մէջ, և երկու ալիքները զոյգ մը Ձամլըճաներուն ներդաշնակ և մեղմ կերպով իր կոհակաւորուէին, իրենց երկարաձիգ կորութիւնը տարածելով անսահմանօրէն: Ինչքա՜ն քաղցր էր կեանքը ու խաղաղ այդ րոպէին, ու օդը, որ կը շնչէինք, մեղրի համ ունէր մեր շրթներուն վրայ ու մտածումները, որ կանցնէին մեր մտքերէն, թափառուն և լոյսէ արբեցեալ թիթեռնիկներու նման գեղեցիկ էին, գունագեղ թևերով, բայց հրաշալիօրէն սնոտի։

Ես այլևս չէի հետևեր խօսակցութեան և անձնատուր էի այն լոյսի և բուրումի երազին, որ գարունը կընծայէր: Եբբ սեղանէն պիտի ելնէինք, իմ քովի հիւրս, յանկարծակի ինձի դառնալով, ըսաւ.

— Մե՜ղք որ Արշակը չի կրցաւ գալ. վստահ եմ, որ շատ պիտի հաւնէիք իրեն։

Ու այդ պահուն քու անունդ իմ մտածումիս մէջ խառնուեցաւ այդ գարնանային երազին։