Զարմանալի է. Միքայէլ, որ այնքան դժուարահաճ և բծախնդիր մարդ է, որ այնքան ժլատ է գովեստի մեջ, մանաւանդ իմ ներկայութեանս ուրիշ մարդոց նկատմամբ, չի դադրեցաւ ամբողջ շարթուան ընթացքին ինձի խօսելէ Արշակին վրայ։ Այնպէս որ զինքը տեսնելէ աոաջ իր անձին ու իր նկարագրին առանձնայատկութիւնները գիտէի արդէն, անիկա ընտանի դարձած էր ինձի, ու հետաքրքիր էի զինքը տեսնելու։ Մասնաւորաբար իմ ուշադրութիունս գրաւած էր սա բանը, թէ ամենքն ալ համաձայն էին, որ վերին աստիճանի նրբազղաց մարդ է, թէ արուեստագէտի խառնուածք ունի, թէ, այսպէս րսելով, սահմանուած էր աւելի բարձր և լայն կեանքի, քան այն սահմանափակ կեանքը, որուն մէջ ապրելու հարկադրուած է: Իմացայ նաև, որ ամուսնացած է տարիներէ ի վեր, շատ կապուած է իր ընտանիքին ու զաւակներուն, որոնցմէ մէկը, կրտսերը, իր փափուկ առողջութեան պատճառա, իր մասնաւոր հոգածութեան առարկայ է: Թէ եղած է ուղղամիտ, պարկեշտ և մաքուր դէպի իր ընտանիքը և հասարակութիւնը, իր պարտաւորութիւնները միշտ կատարած է խղճամիտ չափաւորութեամբ մը: Հավասարակշիռ մարդ մըն է, կըսէր Միքայէլ, կարծես անդրադառնալով իր յիմարական կասկածներով և կրքերով չարչարուած և յուզումնալի կեանքին:
Շաբաթ մը ետքը միայն անձամբ իրեն ծանօթացայ. այս պահուս որոշապէս չեմ գիտեր, թէ ինչ առանձին տպաւորութիւն կրեցի, որուն մէջ յայտնուէր հետզհետէ գալիք օրերը. ոչի՛նչ, ոչի՛նչ... Զինքը տեսայ ներկայացումէ մը ետքը ուրիշ անձերու հետ. իմ ուշադրութիւնս,ցրուած էր զանազան մարդոց վրայ, բայց նշմարեցի, որ մասնաւոր հոգածութեամբ կը վարուէր ինձի հետ, ու ատիկա միշտ հաճելի զգացում մըն է կնոջ համար: Զգացի, որ իմ մասիս խոսած էին իրեն, ու մեծ հետաքրքրութիւն կար իր մէջ,բայց նաև այդ հետաքրքրութենէն աւելի՝ անսպասելի բանի մը առաջ գտնուելու զարմացումը. այո, որոշապէս կը զգայի, թէ կը զարմացնէի զինքը.ինչու՞, ի՞նչ բանով, չեմ գիտեր: Թերևս բոլորովին տարբեր պատկեր կազմած էր Միքայէլի կնոջ նկատմամբ, թերևս ֆիզիքական կամ բարոյական մասնայատկութեամբ մը իր ուշադրութիւնը գրաւելու բաղդը ունէի, այնպիսի մասնայատկութիւն մը, որին համար առանձնապէս զգայուն էր: Խօսելով ուրիշներուն հետ, ժպտելով ու սրամտութիւնով մրցելով իմ խօսակիցներուս հետ, թէև բոլորովին ուրիշ տեղ զբաղած ըլլալու ձև ունէի, բայց կը զգայի այդ բոլորը և ինձի շատ հաճելի էր ատիկա գորովանքի մը նման, ուրիշ ոչինչ։ Երբ