Այս էջը սրբագրված է

Արշակ ուղղակի ինձի կը դաոնար խօսելու համար, կը ստանար տեսակ մը պաշտօնական ցրտութիւն, բայց իմ փորձառու և սրամիտ կնոջ աչքերս չէին կարող իւաբուիլ այդ արտաքին արուեստակեալ երևոյթէն. «ո՛չ, կըսէի մտքովս, պարոն Արշակ Սերոբեան, դուք այն չէք, ինչ որ կուզէք երևալ, բայց անտարակուսելիօրէն աւելի ազնիւ տեսակի բան մըն էք, քան թէ կուզէք երևալ։ Անշուշտ, այս բոլորը սովորական ուշադրութիւններ էին, որ կարող էի ընծայել ոևէ մարդու, նոյնիսկ անցորդի մը։

Իր ֆիզիքական երևոյթը հաճելի էր, և ոչ մէկ բան կար իր վրայ, որ խանգարէր այն բարոյական տպաւորութիւնը, որ յաոաջ կը բերէր: Բարձրահասակ էր և խրոխտ կեցուածք մը ունէր. ճերմկել սկսած մազերր կը կորսուէին իր խարտեաշութեան մէջ, մանաւանդ որ առանց խորշոմի դէմքը տարիքին ոչ մէկ հետքը կը կրէր տակաւին: Իր կարճատեսի աչքերը մասնաւոր ուշադրութեամբ մը կը յամենային խօսակցին վրայ, և հետզհետէ անոնց նայուածքը կր դաոնար տարտամ և քաղցր, հաւանականաբար յոգնութեան հետևանքով։ Իր բարեմիտ և վճիտ հոգին գորովանքով կը ժպտէր շրթներուն վրայ, որոնք միանգամայն տարօրինակ և ինքնամփոփ լրջութիւն մը կը ստանային երբեմն։ Արդէն հասուն տարիքի մէջ կը գտնուէր, բայց բոլորովին պահած էր իր երիտասարդական աշխուժը, մտքի և ճաշակի թարմութիւնը իր բոլոր արտայայտութիուններուն մէջ: Չեմ գիտեր անշուշտ, թէ ինչպէս եղած է երիտասարդ տարիքներու մէջ, բայց իր միտքը պայծառ էր, անխարդախ՝ և իր գնահատումները ցոյց կուտային իր բարձր ընդունակութիւնները: Ինչ որ սակայն մասնաւորապէս ուշագրաւ էր իր վրայ, այն խոհուն և միանգամայն ժպտուն դէմքի արտայայտութիւնն էր, որ կարծես ցոլքն էր պայծառ ե ինքնագոհ հոգիի մը՝ դէմք մը, որուն հաճելի է նայիլ տխրութեան և ուրախութեան օրերու մէջ, որովհետև անոր վրայ կը ծածանէր այն անսահմանելի լոյսր, որ հեշտութեամբ հաղորդակցութեան կը մտնայ ուրիշ հոգիներու հետ: Բայց այս բոլորը իբրև նոթեր կարձանագրեմ առանց մասնաւոր կարևորութիւն մը ընծայելու։ Այն, ինչ որ պատահեցաւ, պիտի պատահէր, ինչ որ ալ ըլլար, ինչպէս որ ալ ըլլար, և ուր որ ալ հանդիպէի իրեն, եթէ իր հոգին ըլլար այն, որ է և եթէ ընդնշմարած ըլլայի այդ հոգին ոևէ բարեբաղդ րոպէի մը, ինչպէս որ պատահեցաւ։

Ապրիլի յետ միջօրէ մըն էր։ Միքայէլ աոաւօտուն կանուխէն մեկնած էր զանազան գործերու համար և շատ ուշ պիտի