Այս էջը սրբագրված է

Միայն ես կայի ու կը նայէի իրեն: Կը ժպտէր ինձի գրեթէ ցաւագին շփոթութեամբ մը, և ես տեսայ, որ շրթները տժգունած էին յուզումէն:

Իրականութեան գգացումը գտայ պահ մը ետքը: Բայց ի՞նչ ճամբորդութենէ մը վերադարձեր էի,որ ինքզինքս կըզգայի տարօրինակ կերպով յոգնած և սպառած։ Գլուխս կրթնցուցած թիկնաթոռին մտիկ կընէի զինքր, ու իր ձայնը զիս կամոքէր: Կը իւօսէինք հեռաւոր և անտարբեր նիւթերու վրայ, բայց մեր հոգիները այդ մշուշին ետևէն ուրիշ բաներ կըսէին իրարու։ Բառերը, սին, սովորական և ընթացիկ բառերը ուրիշ և հանդիսաւոր նշանակութիւն մը ստացած էին, ու անոնք երբեմն այնքան յստակ կերպով կը թափանցէին մեր հոգւոյն, որ կը լռէինք: Այդ լռութեան րոպէները կը թաւալէին ծանրաբեռնուած այնպիսի յուզումով մը, որ շնչատ կը դարձնէր մեզ: Կարծես մեր մօտը և մեզմէ անկախ կերպով անդառնալի և վճռական եղելութիւններ տեղի կունենային, և մենք անզօր ու վրդովուած հանդիսատեսներն էինք:

Կարծեցի, որ անհրաժեշտ չէր գիտնալ, թէ ինքը ի՞նչ զգացում ունէր ինձի նկատմամբ։ Այդպէս կարծեցի թերևս, որովհետև արդէն իսկ գիտէի: Բայց այսօր, երբ ստուգութիւնը բարեբաղդ կերպով դիմաւորեց իմ զգացումներս, այսօր միայն ճաշակեցի լիակատար երջանկութիւնը։

Այս պահուս, առանձնացած իմ սենեակիս մէջ, կը մտածեմ. մարդիկ ինչու չեն համարձակիր երբէք ըսել, թէ կատարելապէս երջանիկ են: Մի՞թէ ամեն մէկ մարդկային արարածի համար չէ հնչած այս ժամը: Անցեալի դաոնութիւննե՞րն են թէ՞ ապագայի խռովքը, որ կը խափանեն իրենց երջանկութիւնը, կամ այն հազար ու մէկ կողմնակի ու ձանձրալի պարագաները, որոնցմով խճողուած է ամեն կեանք։

Բայց ինձ համար չի կայ այլևս երէկ ու վաղը, կայ այսօրը իր երանաւէտ շնորհներովը: Ուժգնօրէն և լիուլի կըզգամ, թէ այս իսկ է երջանկութիւնը: Բոլոր տաղտուկները, բոլոր արգելքները, բոլոր ստուերները անհետացած են այսօրուան պայծառութեան մէջ: Ի՞նչ դժբաղդութիւն և ի՞նչ տաղտուկ կրնայ դիմադրել իմ ամենակարող և բացարձակ ուրախութեանս, որ տաւիղի մը պէս կը հնչէ: Ւմ կեանքս ամբողջովին լոյսով ողողուած է, ու մեծ և փոքր դժբաղդութիւններու ուրուականները խուսափելով անհետացած են անոր բոլոր հորիզոններէն: Այլևս ոչ ոք և ոչ մէկ պարագայ կընայ բռնաբարել իմ հոգիս, որուն մէջ սէրը արծիւի մը պէս յաղթականօրէն կը սաւառնի: Ու իմ երջանկութիւնս կըզգամ այնքան