Այս էջը սրբագրված է

ամբողջական, այնքան բացարձակ, որուն չեմ համարձակիր նոյնիսկ անդրադառնալ, որովհետև կարծես թէ այլևս դուրս ելած եմ մարդկային օրէնքներէն և ճակատագրէն:

Ւ՞նչպէս խռովուած էր ու գորովագին վերջին պահուն: Ձեռքերս բռնեց իր տենդագին ձեռքերուն մէջ ու երկարօրէն նայեցաւ ինձի: Ոչ մէկ խօսք արտասանեցինք, բայց երբ զգացի իր շրթները ձեռքերուս վրայ, երբ զգացի այն անբացատրելի և մեծ զգացումը, որ կելևէջէր մեր մէջ կարծես կշռոյթովը մեր սրտի դրոփիւններուն, երբ տեսայ զինքը բարձրագոյն յուզումի ազդեցութեան ներքև խորապէս լրջացած և գրեթէ տխուր, ինձի թուեցաւ, որ հոգիս վերջնականապէս կը թօթափէր իր բոլոր ցաւերը, ամօթները և զղջումները և կըստանար իր իսկական բնոյթը, աստուածային բնոյթը:

Հայելին կը ցոլացնէ իմ դէմքս, և ես կը նայիմ անոր ներողամիտ և ժպտուն զգացումով մը: Յոգնած եմ ու տենդագին բան մը կայ իմ աչքերուս մէջ: Բայց երբէք ես ինքզինքս չէի տեսած սիրոյ և յորդ զգացումներու այս լուսապսակին մէջ: Կարծես բան մը կը ճառագայթէ իմ աչքերէս, ամբողջ անձէս ու լուսաւոր քօղի մը նման կը ծփայ դէմքիս վրայ։ Աւելի արագ արիւնը թարմացուցած է զիս, ու յանկարծական կարմրութիւններ ամպերու պէս կանցնին իմ ճակատիս ու այտերուս վրայէն: Ով որ տեսնայ զիս, կըզգայ անսովոր հոգեկան վիճակ մը կը տիրէ իմ մէջս, և ատիկա անտարակոյս խռովիչ հրապոյր մը կուտայ ամեն կիներուն: Կը տեսնեմ որոշապէս և կըզգամ յստակ կերպով, սէրը զիս գեղեցկացուց, ու կը սիրեմ իմ աչքերս, որոնք քու աչքերուդ հանդիպեցան, կը սիրեմ շրթներս, որոնք այնքան յուզումով պատասխանեցին քու յուզումիդ, կը սիրեմ իմ մազերս, իմ դէմքս, իմ ամբողջ անձս, որոնց վրայ այնքան գուրգուրանքով քու նայուածքդ յամեցաւ, ու կը սիրեմ իմ ձեռքերս, որ դողացին քու ձեռքերուդ մէջ տենդով, սիրով և գորովանքով:

Հարաւային քամին առագաստի նման կուռեցնէր պատշգամին վարագոյրները, որոնք երբեմն ընդոստ շաչումներ ունէին: Խօսակցութիւնը կը դանդաղնար և ես աչքերս խոնարհած կը սպասէի: Սիրտս անհամբերութիւններ ունէր և զարմանալի բաղձանքներով և յոյզերով վրդովուած էի. երբ մէկը խօսքը ինձի ուղղէր, աչքերս կը բարձրացնէի զգուշութեամբ, որպէսզի չի տեսնեմ Միքայէլի