Այս էջը սրբագրված է

տժգոյն և խիստ դէմքը, որ դարձած դիմացի հորիզոնին իր լռութեանը մէջ հետզհետէ դաժան կը դառնար։ Կը պատասխանէի հիւրերուս հանդարտ ձայնով, բայց յարատև կերպով կը խորհէի ուրիշ բանի։ Ինչո՞ւ ուշացաւ. իրականութեան մէջ չէր ուշացած, բայց ինձի կը թուէր, որ պէտք էր աւելի շուտ գար, պէտք էր որ շտապէր նշանակուած ժամէն առաջ: Երբ գիտեմ, որ հեոու է և ոչ մէկ յոյս կայ զինքը տեսնելու, իմ սպասումս քաղցր է ու երազներով թեթևցած։ Այդ պահերուն ինձի կը թուի, որ ոչ հեոաւորութիւնը, ոչ ժամանակը կարող են իրապէս մեզ բաժնել, և ես զինքը կըզգամ յարատև կերպով ներկայ և հոգիս ընդլայնուած իր ներկայութեամբ։ Բայց երբ ժամերը կը մօտենան ու ամեն րոպէ յոյսը կը փայլատակէ ու կը մարի, անձկալի անհամբերութիւն մը կը չարչարէ զիս, բայց այդ չարչարանքն ալ իր քաղցրութիւնը ունի, քանի որ անիկա քեզմէ կուգայ ինձի, սիրելիս...

Իմ մօտս է այլևս, և իր ներկայութիւնը խնկաւէտ կը դարձնէ մթնոլորտը։ Ւմ մօտս է, ու աչքերս կը հանդիպին իր քաղցր և յուզուած դէմքին, ու հոգիս կը սլանայ մինչև այսօր ինձ անծանօթ ոլորտներու մէջ: Կը խօսակցին, կը վիճաբանեն, բայց ես և ինքը հեռու ենք ամեն մարդկային մտահոգութիւններէ։ Ես ու ինքը մինակ ենք, ու եթէ ամբոխ մը իսկ ալեկոծուէր մեր շուրջը, մենք ինքզինքնիս դարձեալ մինակ պիտի զգայինք։

Յանկարծ կըզգամ, որ անոր ուշադրութիւնը կը հեռանայ ինձմէ ու կը խռովուի: Ես ալ ուշադիր կը դառնամ խօսակցութեան։ Կը պատմեն կնոջ մը մասին, որ տունը, ամուսինը և նաև զաւակները թողած գացած է սիրականին հետ:

Մէկը կըսէ իւանդավաոութեամբ.

—Ճշմարիտ կին մըն է և անսացեր է իր կոչումին: Փոխանակ կեղծելու և ստելու, ոտնահարեր է բոլոր նախապաշարումները և ուզեր է ապրիլ իր զգացումներուն և սրտին համաձայն։ Ւնձի համար ոչ թէ մեղադրելի է, այլ ամեն յարգանքի արժանի։

Հոգիս կը խայտայ ու մտածումի փայլատակումներ կանցնին, զիս շլացնելով։ Ապրի՛լ իր սրտին և զգացումներուն համաձայն, առանց ստելու, առանց կեղծելու... Ւնքզինքս կըզգամ ամենազօր իմ երջանկութիւնս պաշտպանելու։ Ես ալ ճշմարիտ կին մըն եմ։

—Հապա զաւակնե՞րը...

Հոգիս կը մթագնի. մտածումս կը թափառի իմ զաւակներուս թխորակ գլուխներուն վրայ։ Սուր ցաւ մը կը գալարէ հոգիս։ Չէ, երբէք, երբէք. նոյնիսկ տրտմութիւն մը պատճաոել անոնց,