—Կուզէ՞ք, երթանք սպասենք պարտէզը։
Սքանչելի երեկոյ մըն էր, Ծովեզերքէն կը յառաջանայինք առանց խօսելու, կարծես ուշադիր մեր սրտի ձայներուն. կերթայինք կարծես փառքի մը մէջէն դիմելով դէպի մեր ճակատագիրը: Զմայլելի գեղեցկութիւնը բնութեան կազնուացնէր ու կը նուիրագործէր մեր սէրը: Ալիքները մրմնջելով կուգային կը մարէին ափունքին վրայ, ու ասդին անդին կեցած ձկնորսի նաւերը կը տատանէին մեղմօրէն: Ջուրին մէջ մխրճուող թիի մը ճողբիւնը կընդհատէր մրմունջը ալեակներուն, որոնք կուգային ու կը վերադառնային, վարդագոյն փրփուր մը ձգելով մեր ոտքերուն աոաջ:
Արևը մայրը մտած էր, բայց երկնակամարը կը շողար տակաւին լուսեղէն ամպերու վէտվէտումի մը մէջ: Նոր անհետացած արևին տեղ երկինքը ոսկեղէն և վճիտ թափանցկութիւն մը ունէր. կարծես կը բացուէր ուրիշ և անծանօթ աշխարհի մը վրայ, ուրկէ ճաճանչներու տրցակներ կարձակէր, շամփրելով ամպերու գունագեղ թանձրութիւնները: Ու այդ բոլորը կը հրահրուէր ամենազօր կեանքով մը, և լուսեղէն այդ գերագրգռութեանը ընթացքին կայծկլտումներու և ցոլքերու անձրև մը կը տեղար քաղաքին ու Վոսփորին վրայ, որը նազանքով կը փալփլար իր անհամար և յարափոփոխ ալեակներով։
Սթամպօլը կը տարածուէր բոցավառ հորիզոնին վրայ, հակադրելով իր մթին սիլուէտը. ոսկի երիզ մը կանջատէր իր ձեր երկինքէն, գծելով կարծես միջոցին մէջ իր մինարէներուն սլացումները և մզկիթներու գմբէթներուն կորութիւնը:
Ասիական ափունքը անորոշ և հեոաւոր հողամասերու նման կը քօղարկուէր մանիշակագոյն մշուշի մը մէջ. ամենուրեք ոսկի և սև գիծեր: Մինարէները և նոճիները կը մխրճուէին ոսկեղէն ծովու մը մէջ: Քաղաքին ձայները մարած էին, բայց բան մը կը մրմնջէր միջոցին մէջ. մրմունջ ալ չէր, այլ տեսակ մը հևք, որ կանցնէր մեր գլուխներուն վերևէն։ Կարծես աշխարհս կը սարսռար իր գեղեցկութեան զմայլքին մէջ։
Չեմ գիտեր ինչ համանմանութիւն մը, ինչ ներդաշնակութիւն մը կան մեր հոգիներուն և բնութեան մէջ: Անցնող, թառամող և վերջացող բաներու տրտմութիւնը քաղցրութեան կը փոխուէր, այնքան ամեն ինչ պայծառ էր և պերճափայլ: Մոռցեր էինք երկիրը, մոռցեր էինք ժամանակը, կարծես հեռացեր էինք մեր աշխարհին սահմաններէն, որուն ցաւագին աղմուկը ու ճակատագրական անբաղդութիւնը յաղթահարուած էին անանցանելի գեղեցկութենէն, ու ամեն ինչ կանհետանար մեր թևեր առած էութեան ներքևէն: