Այս էջը սրբագրված է

անսահմանելի հեշտանքով մը կանդրադառնամ, որ սիրտս այլևս խրտչած երիվարի պէս ոստումներ չընէր կուրծքիս տակ։ Խաղաղ և հանգիստ. գլուխս սակայն միշտ ծանրացած է բարձիս վրայ ու եթերի, նաև ուրիշ հականեխականի մը հոտը կը բռնէ ամբողջ շնչած օդս: Նողկանք կըզգամ, կուզեմ շարժիլ, բայց ահա յանկարծ դուն կը ներկայանաս իմ յիշողութեանս, ու կը տեսնեմ քեզ այնքան կատարեալ յստակութեամբ, որ կուզեմ ժպտիլ, բայց ամբողջ հոգիս կը դղրդի ու կըսկսեմ արտասուել հեծկլտալով, երեխայի մը պէս հեծկլտալով:

«Ո՞ւր են զաւակներս»... Յամառօրէն կը կրկնեմ ու կարտասուեմ, մինչ բժիշկը ու հիւանդապահուհին հակած իմ վրաս կը խորհրդակցեն նշանացի։ Մեռելի պէս տարածուած եմ անկողնիս վրայ և ոչ մէկ շարժում կրնամ ընել։ Հետզհետէ հեծկլտանքները կը դադրին ու իմ ձայնիս բեկբեկ շեշտը զիս կօրօրէ ու կը քնացնէ: Քուն չէ ասիկա, այլ կէս անգիտակից վիճակ մը, որու միջոցին նոյնիսկ փակ աչքերով կը տեսնեմ հիւանդապահուհիին շարժումները սենեակին մէջ: Գլուխս կը պաղի սառի դեղի մը տակ և կուզեմ հարցնել ինչ եղած է ինձի, բայց կը խօսիմ ուրիշ բաներու մասին, կը զառանցեմ գրեթէ անդադար, ու գիտեմ, որ կը զառանցեմ, և խօսքերս չեն համապատասխաներ մտածումիս, բայց միանգամայն անկարող եմ ուրիշ կերպ ընելու կամ պարզապէս խօսելէ դադրելու, որը ինձի տարօրինակ կերպով կը յոգնեցնէ։

Առաւօ՞տ է թէ երեկոյ: Ժամանակի տևողութեան զգացումը կորսնցուցած եմ: Երբեմն օրերը վայրկեաններու պէս կանցնին և երբեմն ալ րոպէները կը յաւերժանան կարծես կենալով իրենց ընթացքին մէջ։ Այս առաւօտ հասկցայ սակայն ու յիշեցի: Այն իրիկունը անկումիս միջոցին գլուխս զարկեր էի դարանին ու ճակատս ճեղքուեր էր։ Հետզհետէ յիշողութեանս մէջ կարթննան կցկտուր պարագաներ ու, սիրելի՜ս, դուն կը վերադառնաս ինձի։ Ցաւագին ու խոր հեշտանք, մը կը դղրդէ ամբողջ էութիւնս, ու աչքերս փակ կարտասուեմ առանց հեծկլտալու ու ասոնք այլևս տխրութեան արցունքներ չեն։

Ւնչպէս կատարելապէս և անպայման կը սիրեմ քեզի։ Հոգիս կը դողդղայ, երբ կը յիշեմ քեզ այս կամ այն վայրկեանին մէջ ու ամբողջ հրաշալի վէպս կապրեմ կրկին ու կանցնեմ ոչ միայն անցեալին ու ներկային մէջէն, այլ նաև քեզի հետ իմ երևակայութեանս թևերով կերթամ մինչև հեռաւոր սահմանները ապագային.