Այս էջը սրբագրված է

յաճախ կը տեսնէին այս ինչին աղջիկը և ոչ թէ զիս։ Թէև մեծ դրամօժիտ չունէի, բայց ոմանք մեծ յոյս կը դնէին իմ հօրս ազդեցաթեան վրայ իրենց ասպարէզին մէջ յառաջանալու համար։ Մէկ խօսքով, շատ մատղաշ հասակէս վարժուած էի տեսնել, թէ մարդիկ կան, որ ինձի կը դարպասեն ոչ թէ իմ անձիս ներկայացուցած առանձին արժանիքներուն համար, այլ մղուած փառասիրութենէ և նոյն իսկ սնապարծութենէ։ Բայց ասոնք սովորական բաներ են, որոնց առհասարակ շուտով կընտանենան իմ դիրքիս մէջ գտնուող օրիորդները։ Ես անմիջապէս ունեցայ այն բարեմիտ հեգնութիւններէն մէկը, որ զիս պաշտպանեց դառն յուսախաբութիւններու դէմ, և տեսակ մը զուարճութիւն կը զգայի, փնտրելով մարդոց դրդիչ պատճառը։ Երբ ՄիքայԷլ Յովսէփեանը, յայտնի իրաւաբան ե փաստաբան, զիս կնութևան ուզեց, անմիջապէս մերժեցի զինքը. իմ անմիջական շրջանակիս մարդը չէր, քանի մը տարիներով մեծ էր ինձմէ, իրեն ընտանեցած չէի, մինչ իմ շուրջս կային սիրուն, երկչոտ, փայլուն յատկութիւններով օժտուած պատանիներ, որոնց մէկուն կամ միւսին վրայ ուշադրութիւնս կը կենար ատեն մը. ոմանք իրենց տաղանդով, ուրիշներ շողշողուն ապագայի մը յոյսով կր յուզէին զիս, բայց նաև զգայուն էի մասնաւորապէս անոնցմէ մէկուն, որուն գողտը և տխուր նայուածքը, իր գորովագին վերաբերմունքը զիս յաճախ ուշադիր կը դարձնէին, և մտքովս երբեմն կըսէի՝ «թերևս»։

Ինչքա՜ն տարբեր էր Միքայէլ այն մտապատկերեն, որ ամեն աղջիկ կունենայ տակաւին իրեն չի յայտնուած ասպետին նկատմամբ։ Անիկա խիստ, գրեթէ դաժան դէմքով մարդ մըն էր. չափազանց թուխ և նիհար էր, լռակեաց և ինքն իր մէջ ամփոփուած՝ երբ իր հայեացքը հանդիպէր ինձի, նոյն իսկ իր ամենէն սիրալիր ժամերուն խոժոռ խստութիւն մր ունէր. կր զգայի այդ ատենէն, որ իրեն համար ամեն ինչ հանդիսաւոր, գրեթէ կրօնական ծանրակշռութիւն մը ունենալու էր։ Այնպիսի մարդոցմէն մէկն էր, որոնց համար չի կան ժպտուն, զուարթ և դիւրասահ ժամեր, որոնք անընդունակ են անփութութեամբ թափառելու կեանքի կողմնակի ուղիներուն մէջ՝ տարտամ յոյսովը անակնկալ և վաղանցուկ հաճոյքներու. անիկա պիտի երթար միշտ ուղիղ ճամբէն առանց աջ ու ձախ նայելու, և ինքը չի ճանչնալով հաճոյքը ու դառնութիւնր մարդկային մեղքերու, աններող և խիստ էր նաև ուրիշներուն համար։ Իր խօսքերը կտրուկ էին, վճռական և անառարկելի. կարելի չէր որ ուշադրութիւն չի հրաւիրէր, ու ինձի տեսակ մը յարգալիր սարսափ կը պատճառէր... Բայց ահա, ինչ պատճառներով որ զինքը