Այս էջը սրբագրված է

մերժած էի գրեթէ սոսկումով, այդ նոյն պատճաոներով կընտրէի զինքը հինգ տարի ետքը, մղուած տեսակ մը հետաքրքրութենէ, հրապուրուած այն սարսափէն իսկ, որ կը ներշնչէր ինձի, բաղձալով զգալ ճնշումը այդ խստութեան ու մանաւանդ, զգածուած այն խոր, յարատև ու անսասան սիրոյ զգացումէն, որ այդ խոժոռ ու պատկառելի անձնաւորութիւնը ունեցած էր իմ նկատմամբ։

Դժուար է րաղատրել ճշգրտօրէն այն զգացումր, որ զիս մղեց այդ ամուսնութեան. իմ էութեանս մէկ խռովեալ և նոյնիսկ պղտոր ժամանակամիջոցին արդիւնքն էր անշուշտ։ Զիս կր սիրէր ու շատ կր սիրէր. անիկա չի վհատեցաւ իմ արհամարանքէս, իմ ցրտութենէս, իմ գրեթէ նախատալի վերաբրմունքէս։ Սէրը իր մէջ հզօր էր, և ես վերջ ի վերջոյ զգացուեցայ այղ ուժէն։ Ինքը ըլլալով չափազանց դիւրազգաց և դիւրագրգիռ՝ իրեն հանդէպ ցոյց տրուած ամենադոյզն յարգանքի պակասութեան, մեծ համբերութեամբ ու տառապելով կր տանէր իմ յարափոփոիւ և քմահաճ վերաբերմունքս. անիկա երբեմն իմ դէմքէս կաիւուած կր մնար որսալու համար նոյնիսկ վաղանցուկ ժպիտ մը, քաղաքավարական ժպիտ մը, ու կը մեկնէր անմիջապէս, կարծես վախնալով, որ տրամադրութիւնս փոխելով՝ կարող էի հակազդել այդ պահու շնորհածս երջանկութեանը։ Ինչպէ՛ս կը սիրէր զիս, և ինչպէ՛ս կը սարսռայի, մտածելով այղ սիրոյն և խորհելով, թէ կարող եմ խոնարհիլ այդ սարսափելի ուժին առաջք։ «Երբէ՛ք, երբէ՛ք», կը կրկնէի բարձրաձայն, երբ մինակս սենեակիս մէջ կր խորհէի իրեն, բայց և այնպէս գիտէի, թէ ինչ որ շրթներս կարտասանէին, համապատասխան չէր այն ներքին խռովեալ զգացումին, որ զիս կը նախասահմանէր արդէն իսկ իրեն։

Այդ հինգ տարուայ ընթացքին, որ տառապանքի, վարանումներու, կասկածներու երկար տարիներ եղան Միքայէլի համար, բայց երբէք վհատութեան, անիկա ալ աւելի դառնացաւ, և կարծեմ յաղթանակելու, անպատճառ յաղթանակելու դիտաւորութիւնը գերակշիռ դեր մր խաղաց իր յարատևութեան մէջ. ուրիշ կերպ չէ կարելի բացատրել այն համբերատարութիւնր, այն յամառ մաքառումը, որով տարաու շատ մր վհատեցուցիչ դէպքեր։ Ազատելու համար իր հետապնդումէն՝ պատրաստ էի կուրգկուրայն նետուելու ոևէ յիմար ամուսնութեան մԷջ, և քանի մր անգամներ փորձութիւնր ունեցայ։ Ամեն անգամ, որ նոր թեկնածու մր կր յայտնուէր և այնպէս կր ձևացնէի, որ իմ ուշադրութիւնս կանգ առած է նոր անձի մը վրայ, Միքայէլի դէմքր աւելի տխուր խստա թիւն մը