աշխարհին մէջ: Փափաքեցաւ անանկ ընդարձակ ասպարէզ մ'ընտրել որուն մէջ կարող ըլլար ընդարձակօրէն ծառայել Աստուծոյ: Այս փափաքն գոհացնելու համար երկու ոտքով ցատկեց մեր ազգային Պատրիարքարանն ինկաւ: Յիշելու բարեբախտութիւնը չունինք այն թուականն՝ ուր Խորէն էջմիածնայ հպատակեցաւ, սակայն լաւ յիշելու դժբախտութիւնն ունինք թէ այն թուականէն ի վեր է որ մեր կուսակրօնները ամեն պարզութիւն մէկդի դնելով կիներու պէս հագվիլ, սգվիլ եւ կոտրտվիլ սկսան ... աղէկ ծառայութիւն ընելու համար:
Այն ժամանակները մայրաքաղաքիս հարուստներէն ոմանք իրենց ձիերուն ապագայ պատրաստելու նպատակաւ, անոնց համար հոյակապ ախոռներ կառուցանելէն ետքը՝ իրենց զաւակներուն համար ալ դպրոց մը շինելու գաղափարն յղացան. բայց որովհետեւ Կ. Պօլսոյ մէջ դպրոցի յարմար տեղ մը գտնելն անկարելի էր, որոշեցին որ Բարիզի մէջ բանան այս դպրոցն՝ որուն մէջ պիտի դաստիարակվէին իրենց զաւակներն, եւ թերեւս, իրենց ձիերն ալ եթէ հոս գործ չունենային: Իրենց այս որոշումին ծնունդ տուին Բարիզի մէջ դպրոց մը շինելով... աւազի վրայ: Այս դպրոցին, որու անուն Հայկազնեան, տնօրէններն եղան 1860ին հռոմէականութենէ Հայոց եկեղեցին դարձած, կամ լաւ եւս, գերութենէ ազատութիւն դարձած երեք վարդապետներն, որոնց յարեցաւ նաեւ վերջէն Խորէն Եպիսկոպոս: Յիշեալ տնօրէններն եթէ բան մը չսորվեցուցին աշակերտներուն, որոնք երբ մայրաքաղաքս դարձան բան մը չսորվելէն զատ, հայերէն լեզուն ալ կորուսած էին, գոնէ սա սորվեցուցին ազգին թէ՝ շատ լաւ բան է իրաւունք կամ պարտք ճանաչելն: Այս սկզբունքը մեզի սովրեցնելէն ետքը մաքուր սրտով, հանդարտ խղճով հարիւր հազար ֆրանքի պարտք թողլով դպրոցին դռները գոցեցին։ Խորէն եպիսկոպոս ամէնէն աւելի օգուտ քաղեց այդ դպրոցէն • մեծ քայլեր աոաւ հոն դէպ ի Պարնասայ գա-