կ'ազատէ փախչելով: Գրեթէ այն գիշերէն քանի մը ամիս ետքը Արեւելեան Թատրոնը թողուց հասարակութիւնը կրթելու պաշտօնը: Եւրոպացի մը եկաւ հոն եւ սկսաւ դաստիարակել իւր ձիերն որոնք Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյն բակը կը ճաշէին ցերեկները: Քանի մը տարի ետքը Պ. Մանաս ֆրանսացի դերասաններ ու դերասանուհիներ բերելով բարոյապէս կրթեց ազգիս հարուստները: Ասոր յաջորդեց ուրիշ մը որ լեցուց այդ շէնքն ֆրանսացի երգչուհիներով որք բարոյալից երգերով ոչ նուազ բարոյականութիւն սորվեցուցին արգոյ հասարակութեան: Բայց մենք դառնանք մեր պատմութեանը:
ինչպէս վերը յիշեցինք Յարութիւն էֆէնտի Բերայի վարժարանին տեսչութիւնն ստանձնած էր: Թէպէտ եւ իւր տնօրէնութեանը ներքեւ վարժարանը քիչ մը բարեկարգվեցաւ, սակայն հրաժարելուն պէս բարեկարգութիւնն ալ հրաժարեցաւ վարժարանէն: Այն ատեն ոմանք ըսին թէ Յարութիւն էֆէնտին իւր բարեկարգիչ ըլլալն աշխարհի ցոյց տալու համար բարեկարգութիւնն այն հաշուով կ'ընէր որ ինքը պաշտօնէն ելնելուն պէս ըրած բարեկարգութիւնն ալ կը հատնէր. կան նաեւ ըսողներ թէ աւելի կ'աշխատէր բարեկարգիչի համբաւ առնել քան գտնըված պաշտօնին մէջ տեւողական բարեկարգութիւններ ընել:
Քանի մը տարի ետքը Տնտեսական Խորհրդոյ անդամ ընտրվեցաւ եւ երկրորդ շրջանին մէջ ատենապետ: Պաշտօնի մէջ խօսելէն աւելի գործելու միտում ունենալով' ատենապետ ընտրվելուն պէս ատենադպիր ընտրել տուաւ իւր ընկերներէն մին որ շատ խօսելու ասպարէզին մէջ առաջին մրցանակն առած է: Այս ճամրով իւր ընկերն շատ խօսելու իրաւունքէն զրկելէն ետքը սկսաւ գործել: Կը վկայեն թէ իւր ատենապետութեան շրջանին մէջ շնորհակալութեան գիր մ’ուղղած են իրեն Պատրիարքարանի ձիերն որք շաբաթը մէկ անգամ գարի ուտելու սովորած ըլլալով իւր օրովը երեք օրն անգամ մը գարի կ'ուտէին: Պատրիար