Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/105

Այս էջը սրբագրված է

մեջ անկախութեանը դիպչող բան մը գտնըվի: Մաքրութիւն այնքան կը սիրէ որ ձեռքերը չաղտոտելու համար ուրիշին մատներովը կը քերէ գլուխը. բայց ամէն ատեն ուրիշին ձանձրութիւն չպատճառելու համար իւր բթամատը միայն գործածել սկսած է վերջերս: Եթէ հարկ ըլլայ ձեռները լուալ՝ դեղագործներէն զտված ջուր կը փնտըռէ: Եթե այսչափ մաքրութիւն մարդս իր սրտին մէջ ունենար՝ չէր կըրնար այս դարուս մէջ ապրիլ, բայց քանի որ ձեռներու մէջ է՝ վնաս չունի:

Յարութիւն էֆենտին թերութիւններուն կողմէն այսչափ աղքատ ներկայացնելէն ետքը կ՛սկսիմ խորհիլ եւ ինքնիրմէս ըսել, այս մարդը կամ քիչ թերութիւն ունի եւ կամ ունեցած թերութիւններն տրամաբանութեան օրէնքներուն համաձայնեցուցած է: Օրինակի համար ուրիշին բարութիւն ընելն աղէկ բան մ՛՚է. բայց ուրիշին բարութիւն ընելու ատեն մեր շահն ալ խորհելը իբրեւ գէշ բան չեն դատապարտեր օրէնքը, մանաւանդ Անգղիացիներուն քաղաքականութիւնն որ կ'ըսէ. նախ իմ շահս եւ ապա ուրիշներունը: Արդ ինչ որ ներելի է կառավարութեան մը ինչո՛ւ ներելի չըլլայ նաեւ անհատներու:

Յարութիւն էֆէնտին ազգին օգտակար անձ մ՚է եւ ամենուն սիրելի: Քաջ հաշուագէտ մ՚է, ամենէն կնճռալի հաշիւներն երկու օրուան մէջ կը պարզէ: Իւր սենեակն խելքի խանութ է, ամեն մարդ կ՚երթայ անոր եւ իր դործին վրայ խորհուրդ կը հարցունէ։ Երբ կը տեսնես գինքն որ թուղթ մը առած կը պլորէ' գիտցիր որ դժուարալոյծ խընդրոյ մը վրայ կր խորհի, իսկ երբ պլորած թուղթը բանայ եւ գրասեղանին վրայ դնէ' խնդիրը լուծած է:

Այս անձը ո՛չ պճնասէր է եւ ո՛չ պարզասէր այլ երկուքին մէջ տեղն է: Ձմեռուան եղանակին մէջ երբեմն մինչեւ մէջքը զոյգ մը կօշիկներու մէջ կը մտնէ, բայց որչափ ալ ըսեն թէ այդ մեծ կօշիկներն արգելք կ՚ըլլան իրեն քալելու, մենք կը վկայենք թէ ժամանակով Բերայէն քարոզիչ մը