Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/107

Այս էջը սրբագրված է

ԱՆՏՈՆ ՀԱՍՈՒՆԵԱՆ

1810 թուականին ծնաւ Անտոն Հասունեան, կաթողիկոս հռովմէական այն հայերուն որոնք նախապատիւ կր սեպեն իրենց ազգային իրաւունքներն Ս. Պապին հողաթափներուն մէջ տեսնել քան թէ իրենց ձեռներուն մէջ: Իւր ծննդեան գիշերն ամեն մարդ սկսաւ իրարու հարցնել թէ ինչո՛ւ գիսաւոր աստղ չերեւցաւ. վասն զի նախնիք գիսաւորներն չարագուշակ նշան համարելով՝ կր հաւատային թէ նախ գիսաւորը կուգայ եւ ապա փորձանքը: Նոյն գիշեր շատերը մէյմէկ դիտակ առած' երկնի երեսը կր դիտէին տեսնելու համար գիսաւորն որ անպատճառ երեւցած ըլլալու է բայց մեզի անտեսանելի է կ՛ըսէին: Իրաւունք ունէին: Գիսաւորն որոշած էր Հասունեանէ երկու ամիս առաջ գալ. բայց Հասուննան՝ որ միշտ գաղտնի գործել կր սիրէ, գիսաւորին դիտաւորութիւնն իմանալով՝ պոչէն բռնած էր եւ թող չէր տար որ երթար: Սարսափելի կռիւ մը ծագած էր արդէն այս երկուքին մէջտեղը. թէպէտ եւ գիսաւորն վերջապէս յաջողած էր իր թշհամւոյն ձեռքէն պրծիլ ել երկնի երեսն երեւիլ. սակայն պոչը Հասունեանի ձեռքը մնացած էր: Այս էր պատհառը որ մինչեւ մօտ ատեններս հայերու ռամիկ մասր պոչը կտռած կը կոչէր հռովմէական հայերը: Գիսաւորն՝ որ իւր հակառակորդին չափ հաստատամիտ էր, ետ դառնալով ուրիշ պոչ մր գտած էր եւ տարի մը ետքը, 1811 Օգոստ. 11ին երեւցած էր աւելի մեծ պոչով մը. սակայն խեղճը չէր կրնար հասկցունել թէ այս անգամ փորձանքն իրմէ առաջ եկած էր: Եթէ գիսաւորն իւր երեւմամբն Հասունեանի փորձանք ըլլալն կ՛ուզէր յայտնել աշխարհի, անշուշտ իւր պոչին մեծութեամբն ալ անոր մեծ փորձանք