1845ին պատրիարքական աթոռին վրայ ելնելէն ետքը ուզեց ազգին լաւ ծառայելու համար, նախագահական իշխանութիւնն ալ իւր վրայ առնել: Ուստի սկսաւ նախագահին դէմ գանգատներ բազմապատկել եւ ըսել, նախագահը ցնդած է, անկարող է իշխանութիւնը գործածել: Գեր. Մարուշի օդափոխութեան համար Պիլէզիկճի Պօղոս աղային տունը կը գտնըվի օր մը: Հասունենան իմանալուն պէս ժողվեց իր մարդերը, յիշեալ տունը գնաց եւ նախագահը պաշարել տալով ըսաւ իրեն.
—Դուն ծեր ես, ցնդած ես, անկար ես, ուստի քեզի յանձնըված հոգիներու փրկութեանը համար, եկեղեցիին շինութեանը համար անպատճառ հիմա նախագահութենէդ հրաժարելու ես։ Ահա առաջարկութեան ձեւ մը որուն մէջէն եթէ նախագահություն բառին տեղ քսակ դնենք ճիշտ այդ ձեւը կունենանք որով առաջարկութիւն կ՚ընեն մեզ քանի մը զինված մարդեր երբ լեռներու մէջ հանդիպին մեզի: Ծերունին այս առաջարկութեան վրայ անբարբառ անոնց երեսը նայեցաւ եւ երբ դուրս ելաւ, նաւակ մը մտաւ, նաւակին մէջ կաթուած իջաւ եւ քանի մը օրէն վախճանեցաւ ի փրկութիւն հոգւոյ, ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ տեառն մերոյ Հասունեանի: Հուղարկաւորութեան հանդէսին օրը երբ Հասունենանն Ս. Պատարագ կը մատուցանէր եւ ահա սարկաւագներն խորանի վրայ Հասունեանը նախագահ կընդունեն եւ կը հռչակեն երգելով եւս առաւել ևս զարհիեպիսկոպոսն մեր զտէր Անտոն նախագահ եւ այլն եւ որուհետև Բ• Դռնէն հրամանագիր ղրկված չէր սարկաւագներուն յայտարարող թէ նախագահ րնտրելու իրաւունքն սարկաւագներու տրված է` եկեղեցական եւ աշխարհական կը յուզվին եկեղեցիին մէջ այս նոր րնտրութեան վրայ 1848 օգոստոս Յիսուս Փրկիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ընդհ. ժողով կը գումարվի: Կը հարցվի ժողովոյ մէջ Գեր. Հասունեանին թէ որու՞ն ըետրութեամբն նախագահ եղած է Հասունեանն