— Ինծի ալ այն պէս կը թուի կը պատասխանէ Հասունենան ցաւակցութիւն յայտնելով:
— Կ'ընդունի՞ք որ Հռովմ մեր ազգային իրաւունքները յափշտակէ:
— Քաւ լիցի... կը պատասխանէ համրիչը հանելով ծոցէն:
—Երկու թուղթ գրենք մէկը Ս. Պապին, միւսը Բրօբականտային եւ մեր իրաւունքները պաշտպանենք:
— Այո՛ գրենք ոչ երկու այլ երկու հազար թուղթ, ինչու՞ մեր իրաւունքները պիտի յափշտակեն կ՚ըսէ եւ իւր ծիծաղը ծածկելու համար կ'սկսի արի շուրթին տակը բուսած մազերը խառնել: ժողովոյ որոշմամբ կը գրվին կ’ստորագրվին եւ կը ղրկվի այս թուղթերն` որոնց պատասխանը մինչեւ այսօր եկած չէ:
Պատրիարքական եւ նախագահական իշխանութ իւններն այսպէս հագնելէն ետքը սկսաւ ինք իր գլխուն գործել. ամեն բան ինքը կորոշէր եւ կը տնօրինէր, ուրիշներուն ձանձրութիւն չէր տար։ ժողովուրդը նկատելով որ իր Պատրիարքը առանձին կը գործէ, զինքը յոգնութենէ ազատելու համար ուզեց տասներկու անձերէ բաղկացեալ Ազգային ժողով մը կազմել: Դէմ կեցաւ Հասունենան պնդելով թէ ինքը ազգին անձնանուէր պաշտօնեայն է եւ թէ ամէն գործերը վարելու ու պատրաստ ըլլալով պարապ աշխատութիւն է տասներկու հոգիի ձանձրութիւն տալ: Հակահասունեանք աղերսազիր կուտան Բ. Դրան եւ Ազգային ժողովոյ հաստատութիւնը կը խնդրեն, Հասունեանք սւլ ուրիշ աղերսազրով մը ՀակաՀասունեաննռրուն ուզածը չեն ուզեր յայտնելով թէ իրենք շատ գոՀ են Հասունեանի բռնած ընթացքէն: Երկու կողմէն մարդեր կը հրաւվիրվին Բ. Դուռը ուր Հասունեանները լալով եւ ողբալով կ'ազդարարեն թէ դժոխք կ՚երթան եթէ այդ բարեկարգութեան հաւանութիւն տան մինչեւ որ Համազգեաց ընկերութեան մսւրմինը մէջտեղէն չվերնայ, առարկելով միանգամայն թէ յիշեալ ընկերութիւն,