րութիւնն, որ հայերէն ու հռովմէական հայերէն կազմըված էր ազգին մէջ դաստիարակութիւն ծաւալելու նպատակաւ, հակառակ էր հռովմէական սուրբ եկեղեցւոյ քարոզութիւններուն, թէ երկրագործութիւնը ազգին մէջ ծաղկեցնելն Վատիկանու օրէնքներուն համաձայն չէր, թէ հին դրամներ եւ եւ ձեռագիրներ ժողովելն աւետարանին հակառակիլ էր, թէ գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ դպրոցներ հաստատելն Պետրոս առաքեալին ուռկանին մէջ քարեր ծգել էր, թէ վերջապէս հերետիկոս հայերու հետ միաբանիլն ու հաղորդակցութիւն ունենալն իրենց նախատինք էր Հռովմայ գահուն առջեւ: Հասունեան իւր արածած հօտին լուսաւորութենեն մեծ օգուտներ քաղելով յաջողեցաւ քանդել Համազգեաց ընկերութեան հիմերն որոնց վրայ շինվեցաւ Հռովմէական սուրբ եկեղեցւոյ փառքը: Բայց Հակահասունեան կուսակցութիւնը ազգային ժողովոյ հաստատութեանը վրայ պնդելով կը պնդէր: Բ. Դուռն ա՛լ ձանձրացաւ Հասունեանէ եւ հրաման ղրկեց որ Հակահասունեաններու աղերսագիրն գործադրվի։ Հասունեան այս անգամ չկրցաւ Բ. Դրան հրամանին դիմադրելու եւ ստիպվեցաւ պատրիարքական իշխանութենէ հրաժարիլ պատճառելով թէ անձնական տկարութիւն ունէր, մինչդեռ օրը տասներկու անգամ կը ճաշէր եւ երկաթէ մը աւելի քաջառողջ էր:
Մեծ սխալի մը մէջ իյնալ է կարծելը թէ Հասունեան պատրիարքութենէ հրաժարելուն պէս գործէ քաշվեցաւ: Վենետիկի միաբանութիւնն` որ Հասունեան քաղաքականութեան թշնամի նկատված էր, հաճեցաւ իւր երեսին վրայ ապտակ մը ընդունիլ Հասունեանէ որ իտալերէն պարսաւագիրք հրատարակելով ամբաստանեց Վենետիկի միաբանութիւնն իբրեւ հերետիկոս եւ հերձուածող պատճառելով թէ յիշեալ վանքին միաբաններն միշտ պաշտպան են Հայերու: Վենետիկի Միաբանութիւնը ինքզինքն արդարացնելու համար պարսաւագիրքին պատասխան մը գրեց պարսաւագիրքով մը որուն մէջ յայտարարելէ ետեւ թէ Հռովմայ