պապին ամեն հրամաններուն հպատակ էր՝ կը յարէր նաեւ թէ Հայ ազգն ու եկեղեցին հերձուածող եւ հերետիկոս էր: Այս պատասխանին վրայ Հասունեան ուրախութենէն ամիս մը խնդաց:
1853ին՝ գործերն այն աստիճանի եկան հասան որ Հակահասունեաններն յայտնեցին վերջապէս թէ իրենց անհնար է Հասունեաններու հետ միանալը: Հասունեան՝ իւր վարպետութեան զէնքերուն վրայ բարդեց նաեւ կրօնական զէնքեր: Բանադրեց այն ամեն անձերն որոնցմէ չէր ախորժեր: Քանի մը օրէն իւր վարդապետները իրեն հրաւիրելով իշխանութիւն տուաւ անոնց մինչեւ նոր կիրակի արձակել անուղղակի գործողները — ինքը բանադրելու զբաղած ըլլալով արձակելու ժամանակ չունէր — իսկ ինք ստանձնեց ուղղակի գործողներն արձակելու պաշտօնը զոր մինչեւ այսօր արժանի չեղաւ վարելու: Առաւօտը արթննալուն պէս վարդապետներուն կ՚ըսէր, բանադրվելիք անձերու ցուցակը բերէ՛ք նայինք, իսկ երբ վարդապետները կը պատասխանէին թէ բանադրվելու մարդ չմնաց՝ կ'սպառնար իրենց որ մարդ գտնեն որպէս զի բանադրէ: Ճաշէն առաջ կը բանադրէր, ճաշէն ետքը քիչ մը կը կախակայէր, թէպէտ եւ երբեմն ալ կ՚արձակէր, բայց շատ անգամ գիշերը կը քակէր եւ առաւօտուն կը կապէր. եթէ կապելու համար չուանի պէտք ունենար՝ չուանի վաճառականները մեծ գործ մը տեսած պիտի ըլլային: Հասունեան երբ տեսաւ որ բանադրելն, անիծելն ու կախակայելը մեծ արդիւնք մը չունեցան, սկսաւ Ս. Պապէն շրջաբերականներ բերել տալ, ամեն օր արեւուն հետ մէկտեղ նոր շրջաբերական մը կ՚ելնէր: Հակահասունեաններն այդ շրջաբերականները կարդալով՝ հետեւեալ կերպով կը պատասխանէին Հասունեանին.
«Գեր. Հասունեան Մեծապէս մխիթարվեցանք կարդալով Ս. Հօր Պիոսի Թ. Քահանայապետին կոնդակը:
Մենք քու վրայ վստահութիւն չունինք: