ղովրդականութեան համար կր հառաչէր, ընդունեց զայն ի լեզուէն: Մոռնալու չէ որ ապրելու համար ամեն մարդ իրեն ընկեր մր ստեղծելու հարկին մէջ գտնըված է. խմբագիրներ որ ձմեռուան ածուխ գտնելու համար լուսինեան կը ստեղծեն. երեսփոխաններ որոնք իրենց շահուն համար ամէն օր նոր իրաւունքներ կ՚ածեն. բանաստեղծներ որ օր մը չեն կարող ապրիլ եթէ իրենց համար գովեստներ չքաշեն իրենց բարեկամներու բերնէն. դատաւորներ որոնք արդարութիւնը չտեսնելու համար Կուրութիւն ի լոյս կ՚ածեն. վաճառականներ որ ժամուան մը մէջ Ստութեան երկու հազար հաւկիթ մէկէն կը ձգեն. գրավաճառներ որ օրացոյց մը ծախելու համար ճարտասանութեան ստեղծող կը հանդիսանան. խաբեբաներ որ խաբելու համար իրենց աչերէն այնչափ արտոսր կը թափեն որուն վրայ անգղիական Տեվասթեյշըն զրահաւոր նաւը կրնայ ճամբորդութիւն ընել. երգիծւաբաններ որ ոչ թէ ապրելու այլ չմեռնելու համար իւր ընթերցողներուն ծիծաղին արարիչ կ՚ըլլան. գրագէտներ որ կտոր մը հացի համար ժամուան մը մէջ իրենց ըղեղէն խմբագիր, դասատու, մատենագիր, թարգմանիչ կը հանեն. ընթերցողներ որ ձրիաբար լրագիր կարդալու համար լրագիր ունեցողի մը քով շուտով բարեկամութիւն կ՚ստեղծեն եւ անոր գրպանէն լրագիրը կը քաշեն ըսելով չեմ կարծեր որ մէջը նոր բան ըլլայ. երիտասարդներ որ պարի մէջ նոր կամուրջներ կ՝ստեղծեն օրիորդներուն ու տիկիններու թեւերուն տակէն անըցելու համար. ագահներ որ այն ատեն իրենց զաւակ կ՚ստեղծեն երբ գիշերօթիկ վարժարանի մը տնօրէնէն խօսք առնեն որ իրենց զաւակն կէս թոշակով պիտի ընդունի վարժարանին մէջ. պճնող պչրող տիկիններ եւ օրիորդներ որ իրենց դէմքին վրայ ամէն օր նորանոր պատկերներ կ՚ստեղծեն. վերջապէս այս ամէնը չէ՞ որ ստղծեց Ազգային Ջոջերը: Արդ, ասոնք կարդալէն ետքը ոչ ոք կը համարձակի քարկոծել Փափազեանը թէ ինչո՛ւ ժողովրդականութեան ծնունդ տուաւ եւ ոչ ուրիշ բանի մը.
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/120
Այս էջը սրբագրված է