սելու հարկ չենք տեսներ քանի որ հաստատված ճշմարտութիւն մ՚է այսօր թէ լաւագոյն դասագիրքերն անոնք են որ շատ վաստակ կը ձգեն անոնց հեղինակներուն: Փափազեան իւր հասուցած դասատուներովը Հայաստանի մէջ կը տարածէր իւր յօրինած դասագիրքերը:
1862ին իւր հեզահամբոյր բնաւորութեան շնորհիւ Ղալաթիոյ Թաղական խորհրդոյ անդամ ընտրվեցաւ զի լցցի բանն թէ յաթոռն Մովսէսի նստան փարիսեցիք։ Ղալաթիոյ խորհրդարանն որ երբեմն Պրոպատիկէ աւազան եւ երբեմն ալ Ղալաթա օճախը յորջորջված էր, ժողովրդականութեան կեդրոն համարված էր եւ այնչափ ազդեցութիւն ունէր որ Պատրիարքարանի յանցաւոր դատածն անմեղ կը հրատարակէր: Ամբաստանված կրօնաւորներր հոն մտնելուն պէս կը սրբվէին ինչպէս նաեւ չամբաստանվածներն ալ կը պղծվէին: Փափազեան՝ ժողովրդականութիւն վաստկելու նպատակաւ միշտ տկարները կը պաշտպանէր թէպէտեւ ընդհանրապէս կը պաշտպանէր կղերն որուն ձեռամբ շիտակը խօսելու համար, ազգային նուիրական իրաւունքներն վտանգէն ազատած է․ Բերայի գերեզմանատան խնդրոյն մէջ կղերական դասուն առաջնորդ եղած է: Տասներկու տարի շարունակ թաղականութիւն վարեց հակառակ Սահմանադրութեան որուն կէտ առ կէտ գործադրութեան այնքան սիրահար էր եւ է մինչեւ հիմայ, բայց որովհետեւ իր պաշտօնավարութեան ժամանակ վնաս մր չէ հասուցած եկեղեցւոյն՝ Սահմանադրութիւնն ալ մեղադրած չէ զինքը: Եկեղեցւոյն եկամուտներն աւելցուցած է եւ Ղալաթիոյ հրդեհէն երբ մոխիր դարձան եկեղեցւոյն կալուածներն՝ Փափազեան անոնց փոխարէնը կանխիկ առաւ ապահովութեան ընկերութիւններէն: Այդ կալուածներուն գոյութիւնն ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վառժարանին շինութիւնը մեծաւ մասամբ իւր գործունէութեանը պարտաւոր է ազգր: Ահա գործող մարդ մը որ հարուստներ կ՛արժէ։ Ազգային շահերուն համար երբ հոգին տալ կը խոստանար՝ շատերը կը զարմանային թէ ինչպէս կրնայ ապ