124 լայիր' չորս ձայն պիտի ունենայիր, մինչդեռ ես երկու ձայն ունիմ:»
նախատեսած ըլլալով որ հարիւր քսան երեսփոխաններու մէջ գսանին կարծիքն իրենք գլխուն մէջ է, իսկ հարիւրին կարծիքն իրենք ձեռներուն մէջ' գլուխի տեղ ձեռն կը փնտռէր, եւ եթէ բաւական չգտնէր, հիւանդանոցներ կ'երթար եւ բժիշկներուն կը պատուիրէր որ եթէ կտրվելու ձեռներ կան' չնետեն զանոնք այլ իրեն ծախեն: Իր նպատակին հասնելու համար ժողովրդականութիւնը կ՚առնէր բերանն եւ այնպէս կը մտնէր ժողովը: ժողովրդեան շահերն,
ժողովրդեան իրաւունքներն թեւ թեւի տուած կր շրջէին իւր ատենաբանութիւններուն մէջ որոնք յաճախ կր ծափահարվէին ժողովրդեան շահերէն: Անուշապուրն առանց չամիչի եփելն ժողովրդեան շահերուն վնասակար կը համարէր եւ երբ երեսփոխան մը զինքը ընդմիջէր' ժողովրդեան իրաւունքներն օտարի կը մատնըվէին: Քանի մը տարիներ շարունակ կռուեցաւ աջակողմեաններուն դէմ այն եղանակաւ որ երեսփոխանական ժողովէն դուրս հակառակասիրութիւն կր նշանակէր: Իւր սկզբունքն էր սպիտսւկ ըսել այն բանին զոր սեւ կ'անուանէր աջակողմն որուն մէջ կային նաեւ էֆէնտիներ որոնցմէ իւր կուսակցութեան մէջ ալ կը գտնուէին: Քանի մը տարիներ շարունակ կռուեցաւ աջակողմեաններուն դէմ այն եղանակաւ որ երեսփոխանական ժողովէն դուրս հակառակասիրութիւն կր նշանւսկէր: Իւր սկզբունքն էր սպիտսւկ ըսել այն բանին զոր սեւ կ'անուանէր աջակողմն որուն մէջ կային նաեւ էֆէնտիներ որոնցմէ իւր կուսակքութեան մէջ ալ կը գտնըվէին: Ինչ որ էֆէնտիներուն հակառակ էր ազդին շահերուն համաձայն էր իսկ երբ հարկ եղաւ վերջերս ազգային ժողովէն դուրս դործել ձախակողմեաններուն քով պատիւը քիչ մը կոտրեքաւ • վասն զի աջակողմեան էֆէնտիներուն յարեցաւ եւ չհասկքվեցաւ թէ առաջ բարի' էր եւ էֆէնտիներուն յարելով չար եղաւ թէ չար էր եւ էֆէնտիներուն միանալով բարի եղաւ: Զինքը