հագցուց անոնց: Ահաւասիկ ըրած միակ բարենորոգումն որ կրնայ ըսվիլ թէ աւելի դերձակներու համար եղաւ քան աշակերտներու համար:
Քանի մը ամիս այս պաշտօնը վարելէն ետքը հրաւիրվեցաւ հրաժարիլ անկէ. բնաւ դէմ չկեցաւ. հրաժարեցաւ եւ Մասիսի խմբագրապետին տանն ապակիները խորտակել տուաւ: Քանի մը քաղաքներէ առաջնորդ ընտրվեցաւ, բայց ինք իբրեւ նախանձ նկատելով այն ամեն առաջարկութիւն որ կ՚ստիպէր զինք հեռանալ Պօլիսէն՝ մերժեց գաւառներու մէջ առաջնորդութիւն ընելը: Զմիւռնիան ոչ միայն ընտրեց այլ հրաւիրակներ ալ ղրկեց: Ընտրութիւնն ալ հրավիրակներն ալ քաղաքավարութեամբ վռնտեց: Տիգրանակերտն ալ ունեցաւ Զմիւռնիոյ յիմարութիւնը եւ անոր պէս իւր պատիժը կրեց: Ամենէն վերջը Ռոտոսթօյէն հրաւիրվեցաւ որ իբրեւ հովիւ հոգեւոր արածէ զիրենք. Խորէն եպիսկոպոս ընդունեց Ռոտոսթօն, բայց ծանր պայմաններ առաջարկեց որ Ռոտոստօն չուզէ զինքը. օրինակի համար այնպիսի ճամբու ծախք մը առաջարկեց որով Ռոտոսթօյի բոլոր ազգայինները կրնային հոս փոխադրվիլ: Հարկ չէ ըսել թէ Ռոտոսթօն ալ ստիպվեցաւ, Զմիւռնիոյ եւ Տիգրանակերտին պէս. ուրիշ առաջնորդ ընտրել իրեն: Յիշեալ երեք քաղաքներն կը պարծին այսօր Խորէնն իրենց առաջնորդ չունենալուն համար:
Տեղեկանալու համար այն վաւերական աղբիւրներուն, որովք անժխտելի կերպով հաստատված է այսօր թէ Խորէն նար-Պէյ Լուսինեանէ սերած է, պէտք է ներկայ գտնըվիլ այն գեղեցիկ արքայական երազին զոր պատիւ ունեցած է տեսնել Խորէն Եպիսկոպոս 1870ին: Այդ երազին մէջ Նար-Պէյ Լուսինեան կր ներկայանայ Խորէն եպիսկոպոսին եւ եւ անոր կ՚ըսէ. «Ես եմ նար-Պէյ Լուսինեան, որ 1798ին Կիպրոսի Տաճիկներու հարստահարութիւններէն փախչելով՝ Եգիպտոս գացի եւ Նափոլէոնէն մեծ պատուով ընդունվեցայ: Դու ինէ սերած ես. շուտ ըրէ՛ ել, հագուէ՛ եւ մակա