Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/130

Այս էջը սրբագրված է

ներէն եւ իւր Պուէտ ըլլալը հաստատելու համար վկայ մը փնտռած Է եւ չէ յաջողած գտնել մինչեւ այսօր:

Իննամեայ առանձնակեցութիւնն այնքան սիրեց որ սենեակին մէջ կիներու բազմութիւնը տեսնելով կը դժկամակէր ի լոյս գալ: Ոչ միայն ընկերութենէ չախորժելուն համար այլ իւր ճաշակին համեմատ բարձր դիրք ունեցող եւ ծովահայեաց տուն մը գտնելու դժուարութիւնն զգացած ըլլալով, կը փափաքէր միշտ արգանդաբնակ մնալ: Սակայն նկատելով որ բնութեան օրէնքներուն դէմ յամառիլն անօգուտ էր հաճեցաւ ծնիլ:

Խաչիկ մարմնով այնքան շուտ կը մեծնար եւ կ՚աճէր որ երեք ամսու եղած ժամանակն անբաւելի էր մէկ օրօրոցի: Կը խաբվէր մանուկն կարծելով թէ մարդուս անունն ալ անոր մարմինին պէս դիւրութեամբ կրնայ մեծնալ եւ Եպիմենիդէսի պէս յիսունեօթն տարի քնանալով մեծ անունի տէր ըլլալ: Ծնողքն երկու օրօրոց քովէ քով դրին որուն միոյն մէջն էր Խաչիկի գլուխն եւ միւսին մէջ մարմինը: Այս մեծ աղան խանձարուրի մէջ հասկցուց իւր մօրն թէ բանաստեղծութեան կոչված է եւ թէ ժամանակ չունի տրամաբանութեան երթալու: Երբ մայրն օր մը ոտանաւոր օրօրով մը տղան քնացնելու կ'աշխատէր՝ Խաչիկ մէկէն ի մէկ մօրն երեսն ի վեր պօռաց թէ ոտանաւորէն վանկ մը կը պակսէր եւ չքնացաւ մինչեւ որ մայրը համոզեց զինքը թէ երգած ոտանաւորը կաղ էր:

Վեց տարեկան ըլլալուն պէս Իւսկիւտարու վարժարանը ղրկվեցաւ ուր ինը տարի շարունակ աշխատելով կատարելապէս սորվեցաւ Քերականն, Սաղմոսն ու Գործք Արաքելոցը: Զարմանալի էին այն ատենուան վարժարաններն' որոնց մէջ աշակերտ մը իւր գործերուն խելք չհասուցած առաքեալներու գործերուն վրայօք տեղեկութիւն կ'առնէր: Միսաքեան վարժարանէն ելնելուն պէս սկսաւ տուներու մէջ այցելութեամբ դասախօսութիւն ընել:

1839ին դասատուութեան պաշտօնով Ճեմարան մտաւ: