133 Այս ծրագիրը ծոցը դնելով ճամբայ ելաւ Փարիղէն եւ տասնօրեայ ճամբորդութենէ ետքը Պօլիս գալով 'Լալաթիոյ եկեղեցին իջաւ եւ նոյն երեկոյ հիւրրնկալվեցաւ իւր մէկ բարեկամէն որուն վրա՚յ ետքէն կատաղաբար յարձակեցաւ:Ազգային մամուլը սիրալիր ընդունելութեամբ բարեւեց այս Պուէտին գալուստը. ողջամիտներն ուրախացան որ հանճարեղ գրիչ մը կարգ ու կանոն պիտի դնէր ազգային դրական ասպարէզին, որ ասկէ տաս տարի արւաջ ալ հիմակուընէ մեծ տարբերութիւն չունէր: Բայց ի՛նչ օգուտ ունի սիրալիր ընդունելթիւնը մարդու մը, որ էջ մը կ՛ուզէ: Սիրալիր ընդունելութեան վրայ չէր կրնար նստիլ եւ ոչ ալանով Ալէմ Տաղի երթալ: 1872ին հարիւր ոսկւոյ հանգանկութիւն մը եղաւ և գումարն իրեն տրվեցաւ որպէս զի խաւարին մէջ մնացած հանճարն ի լոյս հանէ՛. Միսաքեան առաւ յիշեալ գումարն որուն փոխարէն Գորտամկն-ամարտութիւն մը կարդացուց մեզի Փունջին դէմ մասիսի բացած դատին առթիւ: Հոմերոսի Գորտամկն-ամարտութիւն աւելի անյարմար տեղ չէր կրրնար գտնել: Եթէ Միսաքեանին նպատակը փաստաբանել եւ համոզել էր՝ այդ խորադիրն նպատակին դէմ էր. եթէ զըուարճացնել էր գրութեան ձեւն իր խորագրին հակառակ:Ի՞նչ էր ուրեմն նպատակը:Մենք մինչեէ այսօր հասկըցած չենք: Զմոռնանք յիշել, որ այդ յօդուածն ուրիշ երկու երեք անուններ ալ ունէր. տօն մր պակաս էր սպանիացի ըլլալու համար: Գորտամկնամարտութենէն զատ քանի մր անգամ եւս գրելով Փունջի մէջ վերջ տուաւ իւր յօդուածներուն եւ մանաւանդ այն ծիծաղներուն զորս այնքան դիւրութեամբ կր հրաւիրէր իւր գրա գրութինւններուն վրայ: Տարի մր ետքը երեսփոխան ընտնտրվեցալ ուր մինչեւ այսօր կարծիք մը յայտնած չէ: 'Քիչ մը ատեն դասատութեան եան պաշտօն վարեց Իւսկւտարու Սէլամիյէյի Թաղին մէջ: Աշակերտներն պարտաոր էին Ֆրանսերէն Դելեմաքն գրաբառի թարդմանելէն վերջը
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/136
Այս էջը սրբագրված է