Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/138

Այս էջը սրբագրված չէ

135 րաւունք չունիք զիս բռնի խօսել տալու. մանաւանդ թէ խօսելու ժամանակ ալ չունիմ, վասն զի հիւանդ եմ: Բայց գիտեմ ես, մէկը դիտմամբ ղրկեց քեղի հոս որ զիս բար¬ կացնես, արիւնս գլուխս ցատկէ եւ մեռնիմ:» Եւ աւելն առնելով կ՚սկսի սենեակն աւլել եւ փոշինե- րու մէջ խղդել հիւրն որ դուռը բանալուն պէս կը փախչի: Միսաքեան անմիջապէս դուռը կը կղպէ եւ քանի մը մեծ սնտուկներ կը դնէ դրան ետին որ չբացվի եւ կուգայ տեղը կը նստի այնպիսի ուրախութեամբ որ կարծես մեծ շահ մը ըրած է: Կէս ժամէն դուռը կը զարնըվի: — Ո՞վ է ան, կր հարցնէ ներսէն Միսաքեան: — Ես եմ, Համբարձում... եան, զքեզ տեսնել կ՚ուզէի: —Զիս տեսնե՞լ կ՚ուղէիք... դուռը կղպված է, բանալին քովս չէ, ձեր ըսելիքը կրնաք դուրսէն ալ ըսել: Հիւրը կր բարկանայ եւ առանց պատասխանելու կը մեկնի: Միսւսքեան կ՚սկսի ծիծաղիլ այն իմաստասէրին պէս որ օր մը սենեակին մէջ առանձնացած' խնդացած ժամա- նակն երբ կը հարցունեն իրեն թէ ինչո՞ւ կը խնդաս քովդ մէկը չկայ, կր պատասխանէ թէ ճիշդ անոր համար կը խնդամ որ քովս մարդ չկայ: Բայց այս ուրախութիւնը շատ չտեւեր, դուռը նորէն կը զարնեն: — Միսաքեանը հոս չէ, դուրս ելաւ, երկու ամիսէն պի¬ տի գայ, կը պոռայ ներսէն Միսաքեան:

Երբ գրութեան մը վրայ իւր կարծիքը հարցըվի' կը պա¬

տասխանէ. տղայական բաներու վրայ կարծիք յայտնելու ժամանակ չունիմ եւ դիմացինը կը սաստէ: Ի‘սկ երբ ստի- պեն զինքը որ քանի մը խօսք ընէ' կ՛սկսի հետեւեալ դիտո- ղութիւններն ընել. «Լեզուն քաջ է բայց ոճը վատ է. Պօղոս առաքեալին մէկ խօսքը սա տողին մէջ շատ յարմար կուգար: Գրողը պի¬ տի կրնայ գրել, բայց հմտութիւն չունի. հմտութիւն ունի,