սկսաւ օրը չորս վարդապետ ձեռնադրել: Բանիբուն եւ ուսուէմնական երիտասարդները վարդապետ ձեռնադրած ժամանակր չէր մոռնար նաեւ վեղար դնել այնպիսի գլուխներու՝ որոնց վրայ նարօտն աւելի աղէկ կը վայլէր: ԵթԷ երիտասարդին մԷկն բաւական ուսում եւ տարիքն առնելէն ետքը Հրաժարել ուզէր կուսակրօնութեան մէջ մտնելէ՝ աբբահայրն կր համոզէր զինքը եւ խալբախ մը կ՚անցունէր գլուխը: Վարդապետ ձեռնադրելու մէջ Հաճոյք կ՚զգսւր եւ եթէ օր մը վարդապետ չձեռնադրէր՝ նոյն օրը տխուր կ՚անցունէր եւ երեկոյեան դէմ չորս կողմ մարդ կր ղրկէր որ վարդապետցու մը գտնեն բերեն իրեն: 1865ին Կ. Պօլիս վերադարձաւ քօլերայի ատեննեըը: Թէպէտ եւ Հասունեանի Հետ բանակցելու կուգար Կ. Պօլսոյ եւ Լիբանանու աթոռներուն միաւորութեանը համար, բայց հասունան երբ տեսաւ զինքն՝ մտքէն ըսաւ. քոլերան հերիք չեր, հայր Սոլքիասն ալ եկաւ: 1866ին Գրիգոր Պետրոս եօթներորդի մահն դադրեցուց այդ բանակցութիւններն. վասն զի Հասունեան կաթողիկոսութիւնը ձեռք ձգելու զբաղած ըլլալով՝ ժամանակ չունէր մտիկ ընել Քազանճեանը՝ որ այն ատենները. չգիտենք ինչ պատճառաւ, մտերմութիւն հաստատած էր Հասունեանի հետ: Քսւզանճեան բնաւ չընդդիմացաւ Հասունեանի կաթողիկոսութեան եւ Սեպտեմբերի մէջ Լիբանան կատարված ընտրութեան ժողովոյն ներկայ չգտնուեցաւ. քուն քաշեց այնպիսի ժամուն որ տքնութիւն պէտք էր եթէ կր փսւփաքէր որ ժողովուրդն իւր բերնէն ելած խօսքերուն հաւատք ընծայէր: 1867ին Հասուն Հռովմ գնաց ուր գաղտնի խմբագրվեցաւ րէվէսուրուսը: Երբ Յուլիսին Պօլիս վերադարձաւ Հասուն՝ Քազանճեան ալ իւր եկեղեցական զգեստներն եկեղեցին ղրկեց որ Հետեւեալ օրը ներկայ գտնըվի Օրհնութեան: Հասունեան ետ դարձուց Քազանճեանի պօխճան: Ժողովուրդն սկսաւ իրարու ըսել.
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/143
Այս էջը սրբագրված է