հետ ալ այնպէս կր վարվի ինչպէս իւր մականուններուն հետ, միայն սա տարբերութեամբ որ կարծիքներն ինն օրը անգամ մը կը փոխէ, մինչդեռ մականունները ինը տարին անգամ մը: Թո՛ղ աղօթք ընէ Նորին Գերապատուութիւնը որ վաճառական չէ, եթէ վաճառական ըլլար եւ այսպէս յաճախ մականուն փոխէր՝ քիչ ատենուան մէջ վաճառատունը կը գոցէր:
1818ին Կրօնական ժողովոյ ատենապետ ընտրուեցաւ շնորհիւ այն կուսակցութեան որ իրեն հետ աշխատած էր Խրիմեանը պատրիարքական աթոռէն վար առնելու դիւցազնական գործին մէջ: Ատենապետ ընտրվելուն հետեւեալ օրը բանադրեց մէկն որ բանաւոր պատճառներով առաջին կինն թողած ըլլալով՝ ուրիշ կնիկի մը հետ ամուսնացած էր: Այս բանադրանքը շատերը բաւական խնդացուց: Քանի մր օր ետքն ալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համաձայն հրատարակեց ճիշտ առաջինին նման ամուսնութիւն մը՝ որով ուրիշ մէկն իւր կինը թողած՝ ուրիշ կնիկ մը առած էր: Աս համաձայնը շատ խնդացուց ժողովուրդն: Այս հակասական վճիռներն մենչեւ այսօր իրարու դէմ հրացան կը քաշեն Կրօն, ժողովոյ արձանագրութիւններուն մէջ:
1878ին իբրեւ ազգային նուիրակ Խրիմեանի հետ Պերլինի Աւագաժողովը ղրկվեցաւ: Թէպէտ եւ չգիտցվեցաւ թէ ինչո՛ւ չկրցին Աւագաժողովին ներկայանալ, սակայն շատերը պնդեցին այն ատեն թէ Ազգը մեծ օգուտ քաղեց անոնց ուղեւորութենէն, թէ ձայն հանելու չէ, այդ օգուտին ինչ ըլլալը վերջէն պիտի հասկցվի: Ասոր համար է որ շատերը իրենց բերանը բացած՝ գործերուն վերջը դիտելու կը պատրաստվին: Եթէ այս օգուտներուն երեւակայականն մէկդի նետելով իրականին դառնանք՝ սա օգուտը կը գտնենք որ առաջ գաւառներուն մէջ եթէ տարին հարիւր հոգի կ՚սպաննըվին այսօր հազար կ'սպաննըվին, եւ այս ալ մեծ օգուտ է անշուշտ անոնց՝ որք բազմութենէ չեն ախորժիր:
Պէտք չէ մոռնալ այն մեծ ծառայութիւններն զորս մա-