Այս էջը հաստատված է
չկրնար ապրիլ: Ճշմարիտ է, փառասիրութիւնը այնպիսի հիւանդութիւն մ՛է որուն ենթակայ եղողին հաճոյք կը պատճառէ եւ վնասն ուրիշներու կուտայ․ ո՜վ կ՛ուզէ հաճոյքէ զրկվիլ:
Հայր Սուքիաս կարմիր այտերով եւ ճերմակ մօրուքով պատկառելի մարդ մ՚է: Եթէ առաջարկէ մէկուն որ երթայ ինքզինքը ծովը նետէ՝ այդ անձը կը քաշվի անոր առաջարկութիւնն մերժելու եւ եթէ ծովը չնետվի՝ մէյ մ՚ալ անոր երեւնալու կ՚ամչնայ: Իւր դէմքին վրայ գաղափար մը տալու համար պարտաւոր ենք յիշել դէմքն այն մարդուն որ աթոռի մը վրայ նստելու պատրաստված ժամանակը ուշադրութիւն չընելով որ սատանային մէկը աթոռը ետեւէն քաշած է՝ կռնակի վրայ կ՚իյնայ: