եւ երբ Գատը գիւղի ազգայիններն կր յայտնեն իրեն թէ եթէ սենեակ մը ունենար սիրով պիտի ընդունէին զինքը՝ կը պատասխանէ թէ կրիայ քարոզիչ մը ընտրեցէք դուք որ ինչպէս կ՚ըսէ չեմ յիշեր ով, ուր ալ երթայ սենեակն հետը կը տանի:
Ււր սկզբունքներն են․
«Նախ համոզել, ապա հայհոյել, յետոյ սպառնալ եւ ետքը զարնել:
Մարդերն ուրախ եւ զուարթ ըլլալու են ամեն պարագայի մէջ:
Մեղք չգործելն Աստուծոյ յատուկ է, իսկ մեղանչելն ու զղջալը մարդու․ հետեւապէս այն մարդն որ չմեղանչեր մարդ չէ:»
Ւբրեւ փողոցի մարդ յաճախ կ'առաջարկէ մեծ պաշտօնեայներուն․ երբ տանիքներն աւլէք ապականութիւնները փողոց մի թափէք, վասն զի, կ՚ըսէ, փողոցի վարչութիւնն ալ ունի իւր ապականութիւնները:
Շատախօսութեան այն աստիճան թշնամի է որ եթէ իշխանութիւն ունենայ բոլոր շատախօս երեսփոխանները լեզուներէն կը կախէ որպէս զի ինքը միայն խօսի:
Վահան վարդապետ հիմակու հիմայ փողոցները կը չափէ եւ օրուան ամեն ժամերուն յատուկ տեղեր ունի, բայց կեդրոնատեղին է Ղալաթիոյ օճախն ուր ամեն օր կ՚երթայ կէս օրին: Զինքը ճանաչելոլ համար բնաւ դժուարութիւն չկայ․ երբ կր տեսնէք փողոցի մէջ երիտասարդ վարդապետ մը որ ձեր երեսը նայելով աճապարանօք կ՚երթայ անմիջապէս ձեր մտքէն պիտի ըսէք․
— Ես այս մարդուն բան մը ըրած չունիմ, ինչո՞ւ համար ինծի դէմ դատ բանալու կը վազէ: