վրայ սրդողելով կը մկրտէր զանոնք թեթեւ, կեղծ ազգասէր, շուներու եւ գողերու խառնուրդ եւ ուրիշ այնպիսի ածականներով զորս լրագրի մը մէջ հրատարակելու համար մարդս անպատճառ, գերմանական դրօշակ ունենալու է:
Վերջերս երբ Ս․ Պատրիարքն Հայերու Հայաստանի մէջ ունեցած մեծամասնութիւնը կը հաստատէր՝ Մշակ իւր սովորական լեզուովը կը խրատէր Պատրիարքն որ էշերու եւ կովերու վիճակագրութիւնն ալ ընէ եթէ մեծամասնութեան վրայ էր խնդիրը: Մարդերու կ՚ըսէր, մտաւորական եւ բարոյական հանգամանքը նկատողութեան կ՚առնըվի եւ ոչ թէ անոնց թիւը։ Բայց երբ Եւրոպան մեզմէ թուաբանութիւն կը պահանջէ մենք չենք կարող իրեն փիլիսոփայութիւն ներկայացնել: Ամեն մարդ կը փափաքի որ Մշակի կարծիքն յաղթանակէ, բայց ի՛նչ օգուտ, քաղաքագիտութիւնը դեռ տգէտ ըլլալով չէ կարող ըմբռնել Պ․ Արծրունւոյ բարձր գաղափարները։
Երբեմն այլանդակ կարծիքներ կր յայտնէ, այնպիսի այլանդակ լեզուով որ ընթերցողն կը շուարի կը մնայ թէ երկու այլանդակութիւններուն որուն վրայ խնդայ եւ որուն վրայ լայ: Ութը տարիներէ հետէ կ՚ուղղէ իւր աշխարհաբառը զոր ֆրանսացի մը աւելի շուտ կը հասկնայ այսօր քան հայ մը: Եւ որպէս զի զրպարտութիւն չը համարվի մեր ըսածը՝ հոս հեռագիր մը կը թարգմանենք իր լեզուով․
«Րէյնալ պատերազմական մինիստրին պախարակեց որ խիստ մէծուրաներ չգործադրեց սէնատօրի մը դէմ որ լէքիդիմական ցուցմունքներ առաւ։ Կապինեդը կամենում է դէմիծիօնէ տալ։ Բիւդժէի սօմաները ընդունված են սենադից․ եպիսկոպոսների կրէդիտը մերժեց եւ ժողովի սէսիան փակված է յայտնում: Բիւլլըդէնը կը ծանուցանէ թէ կայսրուհին պլէվրիտ ունի:»
Եւ երբ եւրոպական լեզուի մը ծանօթ չեղող մէկը կարդայ այս տողերը ու բան մր չհասկնայ՝ Պ․ Արծրունին կը սրտմտի եւ հետեւեալ օրը Մշակին մէջ շանթ եւ հուր կը