այդ մեծ անուան համապատասխանող արդիւնք մը ցոյց տուա՞ւ։ Այս կէտը նկատողութեան չառաւ, եւ առնելու ալ պարտաւոր չէր. այսօրուան օրս ո՞ր բանն է այն որ իւր անուան մեծութեանն արժանի արդիւնք մը ցոյց տուած ըլլայյ։ Մարդերն աւելի մեծ անուն վաստկելու մոլութիւնն ունին քան թէ մեծ մարդ ըլլալու առաքինութիւնն: Տարեկան բաժանորդագինը չվճարող մէկը կ՚ելնէ լրագիրներու մէջ հրատարակել կուտայ թէ այս ինչ վարժարանին լրագիր մը նուիրած է։ Չորս սիրական ունեցող օրիորդ մը՝ ուրիշներու խորհուրդ կը հարուցանէ թէ ո՛ր վանքը մտնէ մայրապետ ըլլալու համար: Գրավաճառի մը առջեւէն անցիր եւ գիրքերու անուննրը կարդա. ի՜նչ մեր եւ շլացուցիչ անուններ. մարրդ ինքզինքն անարժան կը դատէ այնպիսի բարձրանուն գիրքերու ընթերցողն ըլալ. կը վախնայ գրավաճառին հարցւնել անոր գին որպէսզի չըսվի իրեն թէ՝ դու չես կարո ատոր յայտնած բարձր եւ վսեմ գաղափարները ըմբռնել. բաց գիրքը, թղթատէ՛ զայ եւ գոցէ. Աղուէսագիրքն անկէ լաւ կը խօսի։ Հարուստ մը կը փափաքի առատաձեռն անուամբ կոչվիլ, բայց անմիջապէս կը հանէ հագուստները, անկողնոյն մէջ կը մտնէ եւ հիւանդ կը ձեւանայ երբ պատուհանէն տեսնէ որ Սովելոց անձնաժողովէն մէկն իւր տունը կը հարցունէ դրացւոյն։ Ուրիշ մը կ՛ուզէ մեկենաս ճանչցըվիլ եւ աժան գիրք գնելու համար փողոցը պտըտող հրեայներուն զամբիւղը կը խառնէ։ Ո՞ր մէկը թուեմ եւ ինչո՞ւ ամբաստանեմ Քրիստոստուրն, միթէ այսօր թաղյին բոլոր զբօսարաններն թաղային վարժարան անունը չունին։
1853ին հրաժարեցաւ Փրկչի Հոգաբարձութենէն 1857ին դարձեալ մտաւ: Ինչո՞ւ ելաւ, ինչո՞ւ մտաւ: Քանի որ մեր մէջ քննութիւն չկայ եւ միշտ պատուաւոր հաշտութիւն կայ, չենք կարող գիտնալ թէ ինչո՛ւ ելաւ եւ ինչո՛ւ մտաւ, միայն սա կրնանք վկայել որ քանի մը տարի ետքը Քրիստոստուր էֆէնտին իւր խղճէն կը տանջվէր, անպատճառ