անցնելու էք, տասը վճարելն ձեզի համար շռայլութիւն կը համարվի։ Տնտեսագիտութենէն ետքը բարոյականութեան վրայ կր խօսի, այս դասէն ետքը կուգայ աշխարհագրութիւն որուն կը յաջորդէ թուաբանութիւն:
Անձնանուիրութեան սահմանն ընդարձակելու կամ սահմանէն անդին անցնելու համար 1867ին Սեբաստիա մեկնեցաւ եւ շատ գիւղեր ու քաղաքներ շրջելէն ետքը Պօլիս վերադարձաւ։ Բոլոր շրջագայած քաղաքներու մէջ Անձնանուէր Ընկերութեան նպատակն գործադրել աշխատեցաւ հետը տանելով գրքեր եւ թուղթեր որոնցմէ ամենուն կր բաշխէր եւ երբեմն ալ իր ձիուն կուտար որ անօթութենէ չմարի:
1870ին երեսփոխան ընտրվեցաւ: Մինչեւ այսօր բացակայ եղած չէ եւ եթէ օր մր Ս. Պատրիարքն Ժողովն Այսթէֆանօս կամ Չաթալճա տանի՝ հոն ալ առաւօտուն կանուխ կ՚երթայ եւ ներկայ չգտնըվողներուն վրայ օրինաց խստութիւնը գործադրելու համար առաջարկութիւն մը կը ներկայացունէ: Օրինաց մասին այնքան ճշդութիւն կը պահէ որ եթէ երեսփոխանին մէկն քովէն իւր որպիսութիւնը հարցունէ՝ ամեն հարցում, կ՚ըսէ, պէտք է գրաւոր ըլլայ եւ դիւանին nւղղվի: Ամեն նիստի մէջ խօսք կ՛ուզէ եւ կ՚առնէ. եւ իւր խօսքը չվերջացներ առանց քուէ առաջարկելու․ քուէն իւր վերջաբանութիւնն է: Շատ անգամ որ ատենապետի սով կ՚ըլլայ՝ իբբեւ երիցագոյն երեսփոխան ատենապետ կ'ընտրվի: Աւելորդ է ըսել թէ՝ սովն քարերէ դիւրամարս կերակուր կը շինէ: Ատենապետութեան աթոռին վրայ բազմելուն պէս զանգակին կը դիմէ: Յայտնի է որ զանգակին պաշտօնն է ընդհանրապէս լռեցնելու հարկադրել այն երեսփոխանն որ խնդիրէն կը շեղի եւ ի կարգ չգար. Քրիստոստուր էֆէնտին այնքան չարաչար կը գործածէ զանգակն որ կը հնչեցունէ զայն երեսփոխանին ի կարգ գալէն ետքն ալ եւ կ՚ստիպէ զմեզ ըսել թէ զանգակ մ՚ալ պէտք է ատենապետին զանգակն ի կարգ հրաւիրելու համար: Ատե-