վէին, իրենց վերապահելով սակայն մեռնելու իրաւունքը: Խորէն եպիսկոպոս իւր պաշտօնակիցներուն պէս վարվելով՝ լռելեայն սա սկզբունքը կը քարոզէր թէ՝ չար եղէք որչափ կ՛ուզէք, բայց հարուստ եղէք որչափ կրնաք: Ժողովուրդն որ շատ անգամ ազգասէր, ողորմած, բարեսիրտ ածականներուն տրվիլը կը լսէր այնպիսի մարդերու՝ որոնք իրենց կենդանութեանը ժամանակ ազգը մատնած են իրենց շահուն համար կամ եկեղեցւոյն գանձանակէն ստակ գողցած են, ինքնիրեն կ՛ըսէր «խորանի վրայ, բազմութեան մէջ այսչափ սուտ ի՞նչպէս կարելի է ըսել առանց կարմրելու:»
Խորէն Եպիսկոպոս մեծ մարդ է. աւելի մեծ պիտի ըլլայ անշուշտ եթէ յաջողի Կիպրոսի մէջ Լուսինեանէ մնացած կալուածներն Անգղիոյ ձեռքէն առնել. եւ աս ալ անհաւատալի բան մը չէ:
Խորէն Եպիսկոպոս միջին հասակով, բարեձեւ կազմով գեղեցիկ մարդ մ՚է։ Երբ փողոցն ելնէ՝ ընդհանրապէս այն դէմքը կ՚ունենայ երբ բազմութեան մէջ մէկն իւր սիրուհիին գաղտնի նշան ընելէն ետքը ուրիշ մը զայն տեսնէ եւ իրեն, ըսէ «Ըրածիդ հաւնեցա՞ր:»