Այս էջը սրբագրված է
Նիհար կազմով, միջին հասակով, ճերմակ մազերով մարդ մ՚է Քրիստոստուր էփէնտին: Մօրուքը մտքին պէս է․ կարճ է: Ձմեռն այնչափ զգեստ կը հագնի իրարու վրայ՝ որ կասկած կուտայ ծխախոտի վարչութեան պաշտօնեայներուն որոնք իրեն ծոցը կը խուզարկեն ծխախոտ գտնելու համար, բայց Ընդհանուր Ժողովոյ ատենագրութիւններէն ուրիշ բան չեն գտներ: Ինքը պճնասէր չէ եւ շատ անգամ այնչափ անկանոն կերպով կը հագվի, որ եթէ արտի մը մէջ գտնվի՝ խրտուիլակ կը կարծվի: Եթէ կան փափաքողներ զինքը ճանաչելու, կը հրաւիրվին յիշել դէմքն այն մարդուն որ ստիպողական գործ մ՚ունենալով իր երթալիք տեղը շուտ հասնելու համար իւր չգիտցած մէկ փողոցին մէջ կը մտնէ եւ հինգ հարիւր քայլ առնելէն ետքը կը տեսնէ որ այդ փողոցն անել է: