Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/181

Այս էջը սրբագրված է

ԳՐԻԳՈՐ ԷՆՖիՅԷՃեԱՆ

Կ՚աւանդվի թէ երկար տարիներէ հետէ վիճաբանութիւն մը բացված էր աստուածաբաններու մէջ Աստուածաշունչին այն խօսքին վրայ որ կ՚ըսէ. «Ստրջացաւ Աստուած զի արար զմարդն ի վերայ երկրի։» Իւրաքանչիւր դպրոցին աշակերտներն իրենց ուզածին պէս կը մեկնէին այդ պարբերութիւնն: Ոմանք սա բացատրութիւնը կուտային թէ Աստուած չէր գիտեր որ մարդն մոլութիւններու մէջ պիտի խղդվէր: Ուրիշները կը պնդէին թէ Աստուծոյ խղճին դպած էր մարդու գոյութիւն տալով անոր խեղճութեան պատճառ ըլլալն: Վիճաբանութիւնն երբ այսպէս կը շարունակվէր եւ ահա 1840ին Գրիգոր էնֆիյէճեան կը ծնէր Տիգրանակերտի մէջ: Երախային ծննդեան չորրորդ օրն մկրտութեան հանդէսը կը կատարվէր եկեղեցւոյ մէջ ուր կը գտնվէին երկու վարդապետներ: Արարողութիւնն լմննալուն պէս այս վարդապետներէն մին իւր ընկերոջը դարձաւ եւ հարցուց.

—Կրցա՞ր գուշակել թէ ինչո՛ւ զղջաց Աստուած մարդն ստեղծած ըլլալուն համար:

— Դժբախտաբար այո՛, պատասխանեց միւսն, իւր կանխատեսութեամբն Աստուած գիտէր անշուշտ որ Էնֆիյէճեան մը պիտի գար աշխարհ:

Այն թուականէն ի վեր, կ՚ըսեն, լուծված է այս խնդիրն եւ հիմայ բոլոր աստուածաբաններն իրաւունք կուտան Աստուծոյ: Եթէ Աստուած դղջացած է մարդն ստեղծելուն համար, ո՛րչափ աւելի զղջացած է արդեօք զայն իւր պատկերին համեմատ ստեղծած ըլլալուն համար: Իսկ մենք, մեր սովորութեան համեմատ, աստուածաբաններու թողլով այս խնդիրներու լուծումն, կը դառնանք մեր նիւթին: