ինծի դէմ. երգիծանքներուդ մէջ նկարածիդ պէս միշտ յիմա՞ր կ՚երեւամ քեզի:
ՏԷԲՐԷՕ
Բնաւ երբէք, Տէր, զձհզ կր յարգեմ ել ձեր առաքինութիւնները կը ճանաչեմ: Բարօրութիւնն ու շողոքորթութիւններն զձեզ ապականեցին, բայց ազնիւ սիրտ մը եւ րարձր հանճար մ՚ունէիք դուք:
ԱՂԷՔՍԱՆԴՐ
Ինչո՞ւ ուրեմն զիս յիմար եւ աւազակ ներկայացուցիր երգիծանքներուդ մէջ . ճշմալի՞տ է արդեօք որ դուք բանաստեղծներդ մի միայն առասպելներու մէջ կը յաջողիք:
ՏԷԲՐԷՕ
Բոլոր կեանքիս մէջ ասոր հակառակը պնդած եմ եւ գրութիւններուս մէջ ցոյց տուած եմ, կարծեմ, որ ամէն սեռի մէջ ճշմարիտն է միայն գեղեցիկը:
ԱՂԷՔՍԱՆԴՐ
Կր խոստովանիս ուրեմն որ զիս այնքան կծու կերպով պարսաւելու իրաւունք չունէիր:
ՏԷԲՐԷՕ
Կ՛ուզէի հանճարեղ բաներ գրելով մարդերու զարմացումը գրաւել. կը փափաքէի մանաւանդ շողոքորթել ուրիշ իշխան մր որ իւր պաշտպանութեանը տակ առած էր զիս: Այսչափ դիտաւորութիւններով, ինչպէս յայտնի է, չէի կարող անկեղծ ըլլալ:
Ես որ ուրիշ մը շողոքորթելու ոչ պարտք ունիմ եւ ոչ իրաւունք' ճշմարիտէն հեռանալու պատճառ մր չունիմ. եւ