Հասունեան ալ կը ճանաչէր զինքն եւ շատ անգամ օձի կերպարանքով կը ներկայանար իրեն եւ խնձոր կուտար ըսելով որ եթէ ասկէ ուտես Բաբի պէս անսխալ կ՚ըլլաս, բայց Հայր Պօղոսն ականջ չէր կախեր եւ իր առաջադրած նպատակին կը վազէր: Եթէ ուրիշներու պէս անուն հանած չէ՝ պատճառն այն է որ ինքն աւելի գործել կը սիրէ քան գործող երեւիլ: Ոչ պաշտօնապէս ամէնէն աւելի աշխատած է Հակահասունեան դատին մէջ եւ դեռ կ՚աշխատի գաղտնապէս:
Քիւբէլեան դեռ Պատրիարք չընտրված Հտյր Պօղոսն Հակահասունեաններուն ներկայացուցիչն էր: Բարձրաստիճան վիւքէլաներու ծանօթ եւ սիրելի էր: Ամեն օր Բ․ Դուռը կ՚երթար եւ ազգին ցաւերը ներկայացնելով դարման կը փնտռէր: Երբ Հիւանդանոցն Հակահասունեաններուն ձեռքն անցաւ՝ Հասուննան Հիւանդանոցին թայինները չէր տար եւ հիւանդներն կ՚ստիպվէին անօթի մնալու որպէս զի ստամոքսնին լեցվելով հիւանդութիւննին չծանրանայ: Հտյր Պօղոս իւր գործունէութեամբն յաջողեցաւ այդ թայիններն Հասունեանէն առնելու:
1875ին ժողովուրդէն երեք հազար ոսկւոյ գումար մը հաւաքելով Ֆէրի-գիւղի գերեզմանատան շուրջը պատ քաշել տուաւ եւ ննջեցեալներուն ալ սիրտը գրաւեց:
Ժողովուրդն երեք անգամէն աւելի ուզեց որ Հայր Պօղոսն եպիսկոպոսութեան աստիճան բարձրանայ, ինքը մերժեց․ բնաւ չսիրեր բարձրանալն—անշուշտ վերջէն չխոնարհելու համար—եւ եթէ չմեծնալն ալ իւր կամքէն կախում ունենար՝ տասը տարեկանէն վեր չպիտի ուզէր ելնել:
Հայաստան աշխարհին վերածնութեանն ականատես ըլլալու փափաքն իւր սիրտը հալ ու մաշ կ՚ընէ: Բնաւ առիթ չփախցուներ թէ՛ բերանացի եւ թէ՛ գրով ազգայիններն միութեան եւ գործի յորդորելու։ 1878ին՝ Առաջին քայլ բարւոքման ազգիս Հայոց ի Հայաստան աշխարհի վերնագրով տետրակ մը հրատարակեց՝ որով կը յորդորէր ազգային